Մարուշ Երամեան | ՍԵՌԻ ԹԵՄԱՆ ԱՐԴԻ ԱՆԳԼԻԱՏԱՌ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Ոչ ոք կրնայ լրջօրէն պնդել,

թե բառի մը գրուիլն ու կարդացուիլը
ավելի վնասակար է,
քան անոր մեր մտքեն անցնելը:
Վահէ Օշական

Բոլոր այն ազգերը, որոնք չեն ունեցած ազատութեան կամ ազգային դիմագիծ պահելու նման հրատապ եւ անմիջական հարցեր, բնական է, որ քայլ մը յառաջ երթան իրենց արուեստներուն եւ գրականութեան մէջ, եւ շօշափեն լայն ծիրով մարդկային տագնապներ եւ վերջին դարուն հիմնական դարձած հարցեր, ինչպես նիւթեղէնին ընծայուած կարեւորութիւնը, ազատութեան հասկացողութիւնը, սիրոյ տագնապը, սեռը, եւ այլն։
Հայ բանաստեղծութիւնը, հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ, ընդհանրապես տարուած է ազատութեան հարցով եւ հայ լեզուին գովաբանութեամբ։ Վահէ Օշական իր խմբագրած անգլերեն «Լաստ» (RAFT) տարեգիրքի երրորդ համարին մէջ (volume 3, 1989), ակնարկելով սովետահայ արդի բանաստեղծութեան՝ «Նօթեր սովետահայ արդի բանաստեղծութեան» անուն գրութեան մէջ կ՚ըսէ.
«Այս նոր բանաստեղծները, բոլորն ալ այսօր իրենց քառասունին հասուն մարդիկ, իւրաքանչիւրը բանաստեղծական քանի մը հատոր հրատարակած, որոնց բանաստեղծութիւնը սակայն տակաւին կը ճգնի զանցել բանաստեղծի մը կեանքին ամբողջական հասունացման կարեւորագոյն երկու տարրերը ՝ իրենց մարմիններն ու Աստուած»։
Իրլանտացի մեծ բանաստեղծ մը՝ Ուիլեըմ Պաթլըր Եէյթց, տասնամեակներ առաջ կը գրէր.
«Սեռն ու մահը այն միակ հարցերն են, որոնք կարող են զբաղեցնել լուրջ միտք մը»։
Բնական է, որ վաթսունական թուականներու սեռային ազատութիւնը եւ անոր յաջորդող սանձարձակութիւնը ցոլանար ո՛չ միայն արուեստներուն, այլեւ ու մանաւա՛նդ գրականութեան մէջ։
Այս ազատութեան ճամբայ հարթած էր 1957-ին հրատարակուած՝ Ուոլֆընտըն Րիբորթը, որ միասեռականութեան պաշտօնականացման պիտի յանգէր եւ 1960-ին Տ.Հ. Լորընսի մեծ աղմուկ հանած վէպին՝ «Լէյդի Չէթըրլիի Հոմանին» (Lady Chaterly’s Lover) հրատարակման անյաջող դատավարութիւնը։ Բուն պատճառը, սակայն, աւելի պարզ է.
«Դիրքերը,- կ՚ըսէ Վահէ Օշական,- մարդոց պէս կ՛աճին, կը բազմանան, կը տարածուին։ Բարոյականութիւնը՝ ընկերային երեւոյթ, կը փոխուի մարդոց ըմբռնումևերուն ու պատմութեան հետ. ու եթէ մարդոց մեծամասնութիւնը ծանօթանայ երկի մը ու ա՛լ չգայթակղի, այդ երկը կը դադրի անբարոյական ըլլալէ»։
Գրականութեան մէջ նման ազատագրում ինքզինք պիտի հաստատեր թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին մակարդակներու վրայ, օգտագործելով մինչ այդ արգիլեալ բառեր եւ ամենահում տարազներ, եւ գրականացընելով մարդկային ամենէն վաւերական ապրումևերէն մէկը՝ սեռը։
Իւրաքանչիւր դար ունի իրեն յատուկ ըմբռնում, սեռային հարցերու առնչութեամբ։ Արեւելքի հին քաղաքակրթութիւնները ո՛չ միայն չէին դատապարտեր սեռականութիւնը, այլեւ սիրոյ արուեստը բարձրացուցեր էին մինչեւ կրօնական ծիսակատարութիւն։ Վարոցապաշտութեան հիմքը պէտք է փնտռել հնդկական հին կրօնքին գլխաւոր երեք աստուածներուն՝ Պրահմա, Վիշնու եւ Շիվայի մէջ.
Առաջինը՝ ստեղծիչ յամէնայնի
Երկրորդը՝ պահապան յամէնայնի
եւ երրորդը՝ կործանիչ յամէնայնի։
Այս վերջինը կործանիչ աստուած մը ըլլալով հանդերձ, է՛ր նաեւ սերընդագործութեան, հետեւաբար առնանդամի պաշտամունքի աստուածը, հետաքրքրական տիալեքտիքով, որ ծնունդն ու մահը, կեանքն ու ոչինչը կը կապէ իրարու։ Հնդկաստանի Խաճուրահօ, Քոնարաք, Հալէպիտ եւ Պէլուր քաղաքներու մեհեաններուն էրոթիք որմնանկարները ա՛յդ կը հաստատեն։
Դասական կերպարուեստին մէջ կը գտնենք ո՛չ միայն այր եւ կնոջ մարմիններ իրենց ամբող մերկութեամբ՝ Բան եւ Էրոս, Բոսեյտոն, եւ այլն, այլեւ սեռային յարաբերութիւնը ներկայացնող գործեր, ինչպես «Տիյանիրայի Բռնաբարումը», կամ նոյնիսկ միասեռականութեան ակնարկող գործեր, ինչպես «Կապրիէլ Տէսթէ եւ Քոյրը Բաղնիքին Մէջ»։
Քրիստոնէութիւնը, որ հզօր ազդեցութիւն ունէր Արեւմտեան քաղաքակրթութեան զարգացման վրայ, սկիզբէն իսկ թշնամական կեցուածք ունեցած է սեռականութեան հանդէպ։ Հակառակ ասոր, մարդկային մերկութիւնը միշտ ցուցադրուած է Կաթողիկե արեւմուտքին մէջ, իբրեւ ստեղծագործութեան ամենէն կատարեալ գեղեցկութիւնը, նոյնիսկ եկեղեցիներու մէջ։ Ասոր հաստատումն է Սիքսթինեան տաճարին որմևանկարներուն պարագան. վերջերս Երեւան եկաւ, որ կերպարները մերկամարմին նկարուած են, եւ միայն աւելի ուշ «հանդերձուեր» են փափին հրամանով։ Այսօր այդ կերպարները վերադարձուած են իրենց սկզբնական վիճակին։
Հռովմէական գրականութեան մէջ Բէթրոնիուսի (մեռած Ն.Ք. 66 թուականին) «Սաթիրիքոն» գործը, որ կը խօսի երեք ստահակներու եւ անոնց թափառումներուն մասին, կը պատմէ նաեւ անոնց սեռային արկածախնդրութիւնները։ Ասիկա թերեւս սեռային թեման շօշափող ամենահին գրական գործն է։ Ասոր կողքին կարելի է յիշել նաեւ հնդիկ Վաթսաեանայի «Քամա Սութրա» գործը, թէեւ ոչ նոյնամակարդակ գրականութիւն իբրեւ։
Գալով «Երգ երգոց»-ին, Հին Կտակարանը կը պատմէ պատմութիւնը հրէաներուն, որոնք ունեցած են իմաստուն, արուեստասէր եւ բանաստեղծ արքայ մը՝ Աողոմոնը, որուն ամենանշանաւոր գործը այս սիրերգութիւնն է։ Հաւանաբար շատ աւելի ուշ այս գործին տրուած է Քրիստոսի եւ եկեղեցւոյ կապը նշող այլաբանական իմաստ։ Նոյնիսկ եթէ ընդունինք այդ այլաբանութիւնը, իբրեւ սկզբնական դրդապատճառ, կը մնայ հարցը թէ՝ ինչո՞ւ այս ձեւով, սիրերգութեամբ-մարմևերգութեամբ ներկայացնել.
Գլուխ ա 13
Իմ սիրականս ստաշխի ծրարին պէս է
գիշերը իմ ստինքներուս մէջ պիտի հանգչի։
Գլուխ բ 1
Իմ հոգւոյս սիրածը գիշերը անկողինիս մէջ փնտռեցի, եւ այլն։
14րդ դարուն ապրած իտալացի գրագետին՝ Պոքաչիոյին (1313-1375) գրած «Տէքամերոն»-ն ալ, իր տասն անգամ տասը պատմուածքներուն մէջ կը խօսի սեռին մասին, թէեւ հեղինակը զղջում արտայայտած է զայն գրած ըլլալուն համար եւ փափաքած է զայն ջնջուած տեսնել։ Միջին դարերու այս գրագետը իր պատմուածքներուն մէջ զարմանալիօրէն արդիական մօտեցում մը կը ցուցաբերէ սեռին հանդէպ. իրեն համար սէրն ու սեռը միշտ զուգահեռ կ՛ընթանան, թէեւ յաճախ տարբեր մակարդակներու վրայ։ Ամենէն ուժեղ սէրը կը տանի ո՛չ թէ պղատոնական պաշտամունքի, այլ՝ երջանիկ ամուսնութեան։ Ամենէն ցած մակարդակի վրայ սէրը, որ գրեթէ միշտ սեռ է միայն, կրնայ հաճելի ժամանց պարգեւել։ Բոլոր պարագաներուն ալ, Պոքաչիոն կը խօսի այնպիսի՛ նիւթի մը մասին, որ բոլոր ժամանակներուն մարդկային առօրեային գլխաւոր մէկ բաժինը կը կազմէ։
Վերը յիշուած բոլոր օրինակներն ալ երեւոյթ մնացած են իրենց ժամանակաշրջաններուն մէջ. անոնք չեն ներկայացներ ընդհանուրին կեցուածքը կամ նուազագոյն ընկալումը սեռին հանդէպ։ Նոյնիսկ հնդիկները իրենց պաշտամունքային ծիսակատարութիւնները անմեղութեամբ կը կատարէին, առանց ուշք դարձնելու այնտեղ գտնուող սեռայնականութեան, ինչպէս կ՚ըսէ Կանտի։
Մարդիկ, յատկապէս Արեւմուտքի մէջ, անսալով կրօնական թէ ընկերային ճնշումներու, որոշ բառեր եւ դարձուածքներ դուրս ձգած են գիրքերէն. այդ խօսքերը լիցքաւորուած են սեռային գոլով, բա՛ն մը, որ աւելիով նպաստած է անոնց գրականութեան դարպասներէն դուրս մնալուն։ 60ական թուականներէն ետք էր, որ սեռային հարցերը բացայայտօրէն արծարծելու համարձակութիւնը սկսաւ տարածուիլ եւ տեղ գտնել գրականութեան, մանաւա՚նդ բանաստեղծութեան մէջ։ Պարզ է, որ նման պայմաններու տակ զարգանար պոռնկագրութիւնը. սակայն յստակ է եւ ուղիղ գիծը, որ կը բաժնէ սեռի թեմայով գրուած գրականութիւնը պոռնկագրութենէն։ Եթէ այս վերջինը իբրեւ միակ նպատակ ունի շարժել կիրքերը, ապա սեռի թեմային շուրջ հիւսուած գրականութիւնը կը միտի կարելի հարազատութեամբ ներկայացնել սեռին ետին թաքնուած հոգեկան շարժիչները, անկէ ծնունդ առած տագնապները (մարդ կը մղուի մտածել՝ կա՞ն շարժիչներ եւ տագնապներ սեռին ետին թաքնուած, թէ՞ եղածը պարզապէս բնազդներու հարց մըն է)։ Այնտեղ նպատակադրուած չէ կիրք յառաջացնել, այլ բանաստեղծականացնել կեանքին մերկ եւ հզօր պահերէն մէկը։
«Դէմքդ այնպէս տխուր էր երբ դուրս բերիր
թփրտացող արծաթ ձուկ մը
փըռեցիր ոտքերուս առջեւ
ու երբ խոտին շարժումները
մահուան ծանըր թեւեփախում կը մատնէին
դուն ծնրադիր կը խնդրէիր՝ փոքրիկ ձկնիկ մի՛ մեռնիր։
յետոյ երկրորդ ձեռնոցդ ալ հանեցիր
եւ տխրօրէն մենք խոտերուն երկնցանք ու սեռ ըրինք
մինչ պարողներ դանդաղօրէն կը պարէին
եւ լուսինը կը սքանչանար
աւազանին ցոլացած իր պատկերով»։

«Ձուկը», Րոճըր ՄըքՔոֆ
«Ո՞ւր ես. արդեօք շա՞տ մինակ ես,
շա՞տ շլմորած, շշմեցնող մղձաւանջներ կ՛ունենա՞ս
եւ կ՛արթննա՞ս ձեռքդ կուրծքիդ
միւս ձեռքդ բունոցիդ վրայ»։
«Մօուտ, Քաղաք Եկուր», Պրայըն Բիթըն

Նման քերթուածներու ընթերցումը, հոն գործածուած հում բառերու տողանցքով, կրնայ ցնցիչ տպաւորութիւն գործել առաջին ընթերցումով, սակայն այդ ցնցումը կու գայ ո՛չ միայն բառերէն, այլ եւ հոն, այդ քերթուածներուն մէջ տեղ գտած սեռային գոլէն. որովհետեւ կարելի է նաեւ հանդիպիլ տողերու, ուր արգիլեալ բառ կամ խօսք չկայ, բայց քերթուածը ամբողջ կը շարժի սեռային կշռոյթով, ինչպես էլիըթ Ֆիկմէնի «Միզանցքը»։
20րդ դարուն սիրոյ թեմայով գրուած բանաստեղծութիւն մը անպայմանօրէն պիտի ակնարկէր կամ ուղղակիօրէն խօսէր սեռին մասին նաեւ, ոչ թէ որովհետեւ այս դարուն է միայն, որ սեռն ու սէրը կ՛ընթանան ձեռք ձեռքի, — այդպես եղած է բոլոր ժամանակներուն ալ,- այլ պարզ այն պատճառով, որ այսօր, նաեւ մօտիկ անցեալին, գրագետները սկսան բարձրաձայն խօսիլ սեռին մասին, առանց այլեւս ուշք դարձնելու կրօնական թէ ընկերային ճնշումներուն։ Սիրային քերթուած մը չի կրնար լուռ մնալ սէրէն ծնած եւ անով սնանող սեռին մասին։
Անցեալ դարուն էր, որ անմեղ բառեր կը գործածուէին՝ ակնարկելու թապու դրուած բառերու կամ նիւթերու, որոնց տակաւին արտօնուած չէր երեւիլ գիրքի մը «քաղաքակրթուած» էջերուն։ Այսօր այդ նոյն արգիլեալ բառերը կը գործածուին աւելի անմեղ ակնարկութիւններու կամ նմանութիւններու համար։ Սիլվիա Փլաթհ իր «Մահ եւ Ընկ.» (Death and Com.) քերթուածին մեջ, խօսելով մահուան տարբեր երկու տեսակներու մասին, կ՚ըսէ.
«Ան ոչ կը ժպտի, ոչ ալ կը ծխէ։
Միւսը՝ երկար եւ անգանգուր մազերով,
այդ երկուքն ալ կ՚ընէ։
Պոռնկորդին
շողարձակմամբ կը գիջանայ
կ՚ուզէ սիրուիլ»։

Սակայն այս բոլորեն անկախ, սեռային այս ազատութիւնը 60ական թուականներու երիտասարդութեան կանչն էր, վերադառնալու սկիզբին, հո՛ն՝ ուր Մարդը եղած էր մերկ, բնական, բայց մանաւա՛նդ պայծառատես. որովհետեւ Համաշխարհային Երկու պատերազմները կը ցոլացնէին ո՛չ թէ մարդկային թեւածող միտքը, այլ՝ մարդկային խեղաթիւրումև ու նեխածութիւնը։
* * *
Սեռը կը ներկայացուի իր բոլոր դիմակներով եւ մակարդակներով, մերկութեան հետ տղու մը առաջին հանդիպումէն մինչեւ սեռային արարքին տարբերակները, մինչեւ անոր կրակին շիջումը ամուսնական երկար տարիներու ընթացքին, միշտ տարբեր դիտանկիւններէ, ոչ իբրեւ սոսկական արարք կամ դէպք, այլ իբրեւ հոգեկան պահեր եւ վիճակներ.
«Ամառն ամբողջ պտոյտներու, լողարշաւներու միջեւ
կը վերադառնամ իրեն եւ թոյլ կու տամ
որ անթեղէ կայծերն իր որոնք պիտի
մանկութիւնըս հրդեհեն»։
«Առաջին Սէր Երկ-տարածքով», Մ. Սբէնս

Շատ յաճախ քերթուած մը վերջ կը գտնէ անսպասելի եւ յանդուգն եզրակացութիւններով.
«Որովհետեւ թէեւ ես զինք բնաւ չհամբուրեցի,
Յիշելով պարտականութիւնն իմ պսակուած տիկինի,
Արտայայտութիւնը դեմքիս կրցաւ փոխել անայլայլ
եւ ետ բերաւ աղուորութիւնըս շատ վաղուց կորսըուած»։
«Ջարդուած Պտուկը», Ա. Ուէյքհըմ

Նկատելի է, որ կին գրողներ յաճախ ծայրայեղ անկեղծութեամբ գրած են այս մասին. Անն Սէքսթըն իր «Օրն Այդ» քերթուածին մէջ կ՚ըսէ.
«Րոպէի մէջ ամբողջացած այդ կոթողը.
Գետնուղիէն արիւնը թէեւ կը հոսի,
Բայց կը կանգնէ աշտարակ մը.
Շքախումբեր պէտք են նման կոթողներ պատուելու»։

Հետաքրքրական է Մարիէլ Րաքէյզըրի «Առասպել» արձակ գրութիւնը, ուր «իգական» տրամաբանութեան մը դրսեւորումը կը գտնենք.
«Բաւական վերջը Օտիփիւս, ծերացած եւ կոյր, փողոցները թափառեցաւ։ Ընտանի հոտ մը քիթին դիպաւ։ Սփինքսն էր։ Օտիփիւս ըսաւ.
«Մեկ հարցում միայն, այդ ինչո՞ւ էր, որ իմ մայրս չճանչցայ։
«Սխալ պատասխանեցիր,- Սփինքսը ըսաւ,- երբ հարց տուի, թե ո՞վ է ան, որ չորս ոտքով կը քալէ առաւօտուն, երկուքով՝ կեսօրին, եւ երեքով՝ իրիկունը, դուն պատասխանեցիր՝ Մարդը, ոչինչ ըսիր կնոջ մասին»։
«Երբ մարդ կ՛ըսես,- ըսաւ Օտիփիւս,- նաեւ կին կը հասկնաս ամեն մարդ ալ գիտէ այդ»։
«Քո կարծիքով»,- Սփիևքսև ըսաւ։

Այս բոլորեն անկախ, կը մնայ տակաւին ժողովուրդին ընկալումը, կամ աւելի ճիշդ կ՚ըլլայ ըսել՝ ընկալումի դժուարութիւնը նման նիւթերու։ Սակայն արուեստի եւ գրականութեան ճշմարիտ ընկալում մը անդին պիտի անցներ ներկայացուած նիւթէն, հասնելու համար ներկայացուած ձեւին, գեղարուեստական մակարդակին, հոն տեղ գտած նորարարութեան։
Բոլոր մէջբերումևերուն մէկ բան յստակ է՝ այդ բոլոր քերթողներն ալ կրցած են բանաստեղծականացնել սեռը։
Ի՞նչ է սակայն բանաստեղծականացումը ինքնին. պարզ բանաձեւումով մը, սովորականը անսովոր ընծայելու հարց մը չէ՞։ Երբ բանաստեղծ մը կը յաջողի սեռը հանել իր նիւթեղինութենէն, եւ տանիլ զայն մինչեւ հոգեկան ոլորտներ, — որոնք այլ բան չեն քան զգայարանքներու եւ միտքի զուգաւորում մը,- բանաստեղծականացուցած չ՛ըլլա՞ր զայն։
Ի վերջոյ արուեստը չի ծուարիր ներկայացուած նիւթին սահմանափակումին մէջ, այլ անոր միջոցով կը թեւածէ դէպի նորարութիւն, էութեան խորքերու թափանցում եւ միջոցներու անվերջանալի փորձարկում։
Շահան Ռ. Պէրպէրեան շատ դիպուկ բանաձեւած է այս հարցը.
«Համապատասխան արուեստի բուն իմացումը ունեցողներն են միայն, որոնք զգայուն են այն Ձեւային անդրակերպման, որուն մէջ առնըւած է գործին նիւթը, եւ աւելին՝ այն հոգեղէն գաղտնի գոյացութեան, որ այդ նիւթը իր մէջ սերտօրէն լուծելով, զայն ոգեկանի մակարդակին է բարձրացուցած՝ հոն նոր նշանակութիւն տալով անոր»։
1994 Հալէպ

Թողնել պատասխան

Ձեր էլեկտրոնային հասցեն չի հրապարակվի