— 1 —
Կար ու չկար, հեռո՜ւ հեռուն, ձիւնասպիտակ լեռներէն ու մեծ ովկիանոսէն անդին, արձակ դաշտերու եւ հեքիաթային եղեւիներու մէջ կորսուած գիւղ մը կար, անունը՝ Կրինվիլէյճ: Աշուն ձմեռ, ձիւնը կը նստէր հոն կուտակ-կուտակ, իսկ գարնան, խելահեղ կանաչ մը կը փրփրէր ամէն կողմ: Ամառը բարիքի ծով կը դառնար Կրինվիլէյճը: Ջուրը առատ, օդը մաքուր՝ դրախտի պէս բան մը: Այս բոլոր բարիքներու կողքին ուրիշ կարեւոր երախտիք մ’ալ ունէր գիւղը: Ան հոգեմաշութենէ փրկեց Նազար Աղբարը: Վերջ տուաւ անոր դժբախտութեան: Հանդիպեցան իրարու եւ ամէն բան փոխուեցաւ: Հրաշքի պէս բան մը եղաւ:- Օրը վաղահաս գարուն էր, բնութեան տօնահանէս: Շուրջը սպիտակ որմերով փոքր ու համեստ առանձնատուներ էին, համատարած կանաչութեան մէջ կարմիրներով հրդեհուած երդիքներով: Ներկայ էր նոյնիսկ արծաթ գօտիով առուակը օձագալար: Հաւատալու բան չէր: Նազար Աղբարին շունչը պիտի բռնուէր խայտանքէն: Ամերիկայի մէջ այսպիսի հրաշալիք չէր տեսած բնա’ւ: Իր այս բնական գեղեցկութեամբ, կարծես մէկ պատճենն էր հայրենի իր գիւղին՝ Կարմրէին, որմէ բռնահանուեր էր Մեծ Եղեռնին:
Ուրիշներուն հետ բաղդատած, Ամերիկա իր հասնիլը ինք բարիք մը կը սեպէր: Սկզբնական օրերուն սակայն միայն ինք գիտէր իր քաշածը: Ոչ լեզուն գիտէր եւ ոչ ալ արհեստ մը ունէր ձեռքը: Պարզապէս առողջ ու կարշնեղ ըլլալուն, կրցեր էր բեռնակիրի գործ մը ապահովել Շիքակոյի սպանդանոցին մէջ: Ուշիմութիւնը օգներ էր որպէսզի շուտով սորվէր մսագործի արհեստը եւ ազատուէր բեռնակրութենէն: Տարիներով, տոլար առ տոլար մէկտեղած խնայողութեան հետ ձեռք ձգեր էր նաեւ որոշ փորձառութիւն՝ միսի եւ արջառի առուծախին մէջ: Հետեւաբար, լրջօրէն կը մտածէր սեփական գործ սկսելու մասին: Այդ որոնումին մէջն էր երբ հանդիպեցաւ Կրինվիլէյճին: Տեսնելն ու որոշելը մէկ եղաւ: Սիրահարութեան պէս բան մը: Ունեցած կոկիկ գումարին միացուցած դրամատան յատկացուցած վարկը՝ ան գնեց համեստ տուն մը գիւղէն եւ բացաւ միսի, երշիկեղէնի, կաթ ու պանիրեղէնի խանութ մը հայուէյին եզերքը ամփոփուած շուկային վրայ: Ըսել թէ այս բոլոր գործընթացը կարօտի հարց էր միայն, հին յուշերու ետեւէն վազք մը խենթ՝ արդար պիտի չըլլա’ր: Որոշ բաժին մ’ալ ունէր մեծ քաղաքին մուրն ու ծուխին, աղմուկ-խռնութեան եւ կեղտոտ բարքերուն հանդէպ Նազար Աղբարին սնուցած անվերջ պժգանքն ալ: Հիմնականը սակայն իր մէկ հատիկ մանչուն՝ Գարեգինին համար իր տածած անհուն, անսահման սէրն էր. որոշեր էր մարդավայել, առողջ ու առաքինի կեանք մը ապահովել տղուն: Անոր մատղաշ հոգիին մէջ արթնցնել բնութեան սէրը, եւ անով կամրջել իր հայրենի գիւղին, Կարմրէին հետ: Այս հեռանկարով, տան մէջ ան սկսաւ խօսիլ Կարմրէին բարբառով, տեղի-անտեղի հոլովելով Կարմրէին անունը: Հեքիաթի քաղցրութեամբ գովերգեց Կարմրէն, վերացումով պատմեց անոր դաշտերուն, պարտէզներուն ու աղբիւրներուն հրաշագեղ կախարդանքի մասին, վառ գոյներով վերակենդանացուց տօնախմբութիւնները, համով հոտով տոհմիկ բարքերն ու ուխտագնացութիւնները: Նոյնիսկ երեւակայութեան ոյժ տալով, տղուն ձեռքէն բռնած, փողոց առ փողոց պտուտցուց Կարմրէին տեսարժան վայրերը:
Քմծիծաղելու բնաւ կարիքը չկայ: Ինք ալ շատ լաւ գիտէր թէ լեռ ու ձոր տարբերութիւն կար իր գիւղին եւ Կրինվիլէյճին միջեւ. այո’, հոս, աղօթարանին, աքլորը «Առաւօտ Լուսոյ» չէր կանչեր, ուր պատերուն ծեփը թրիքէ չէր եւ ոչ ալ ծխնելոյզներէն բարձրացող ծուխը լաւաշի անմահական բոյրը կը բերէր: Չկար մանաւանդ հայ ժամուն կոչնակն ու անոր ղօղանջը հոգեպարար: Այս բոլորը չկային եւ իր գիւղը Կրինվիլէյճին քով անհամեմատօրէն աղքատ ու հետամնաց պիտի մնար: Բայց անոնք, երկուքն ալ ունէին նոյն համեստ իրավիճակն ու ոգիի պարզութիւնը, որ բնութեան նոյն շքեղութեամբ կը դրսեւորուէր, մարդկային ջերմութեամբ եւ պարզունակ կեանքով կը նոյնանային: Կրինվիլէյճը ունէ’ր այս յատկութիւնները: Առաւել՝ հակառակ փոքր ըլլալուն, բանուկ էր՝ երկու հայուվէյներու խաչմերուկին վրայ տեղաւորուած կոկիկ իր շուկայով: Շուկայէն անդին ագարակներն էին, պարտէզներն ու բանջարանոցները՝ սպիտակ ներկուած կոկիկ ցանկապատերով:
Երբ փոխադրուեցան, Գարեգին տասը տարեկան հազիւ կար: Դեռ խօսք չուներ տան որոշումներուն մէջ: Բայց Զարուկ Մաման բնաւ գոհ չմնաց. գիւղին մէջ հայ չկար, ու դրացիներն ալ անծանօթ մարդիկ՝ որոնց ո’չ լեզուն կը հասկնար եւ ոչ ալ նիստ ու կացէն կ՛ախորժէր: Հակառակ այս բոլորին, գեղջուկի աղջիկ ըլլալուն, համակերպեցաւ,եւ կապուեցաւ նոր տան պայմաններուն, սէրն ու գորովը անպակաս ըրաւ իր օճախէն: Աղօթեց որ տղան ծլի-ծաղկի անվտանգ եւ բացուի կեանքին:
Այդպէս ալ եղաւ.Գարեգին խելացի եւ ջանասէր տղայ մը դուրս եկաւ: Յաջողութեամբ աւարտեց գիւղի դպրոցն ու շրջանի երկրորդականը եւ ընդունուեցաւ Միլուոքիի համալսարանը, դեղագործ դառնալու առաջադրանքով:
Դեղագործութիւնը Նազար Աղբարին սրտովը չէր: ինք պիտի ուսէր տղան գիւղատնտես տեսնել, պարտէզ-ագարակ կամ արտ ղեկավարելու համար: Զարուկ Մաման գոհ մնաց սակայն. հիւանդներուն դեղ ու բալասան տալն ալ արդար մարդու գործ էր, շահն ալ դիւրին եւ ապահով: Նազար Աղբար մխիթարուեցաւ այն մտածումով որ Գարեգին շուտով ատակ պիտի ըլլար իր շահոյթով փրկել զինք երկարաձգուող պարտքերէն: Այն ատեն ինք պիտի գնէր տան քովի պարապ հողամասն ալ եւ զայն վերածէր բանջարանոցի: Ծերութեան օրերը պիտի անցընէր լոլիկ, կաղամբ ու բողկ աճեցնելով: Մանաւանդ՝ թոռնիկ սիրելով:
Բայց այդ երազն ալ չ’իրականացաւ.Գարեգին դեղագործի վկայականը երբ տուն բերաւ, Նազար Աղբար արդէն անկողին ինկած էր. անպիտան հիւանդութիւն մը հովի պէս արագ եկաւ ու տարաւ խեղճ մարդուն: Մայր ու տղայ ա’լ չ’ուզեցին գիւղը մնալ: Նազար Աղբարին մահը խորթ դարձուցեր էր գիւղը: Ծախեցին տունն ու խանութը եւ փոխադրուեցան Շիքակօ: Գարեգին հաւաքուած դրամով բացաւ իր առաջին դեղատունը: Գործերուն զարգացումով, յետագային, այլ թաղամասերուն մէջ ան տիրացաւ երկրորդ եւ երրորդ դեղատուներու ալ:
Յաջողութիւնը մեծ բան չփոխեց իրենց կեանքէն: Անոնք, լռիկ-մնջիկ շարունակեցին իրենց պարզունակ ու մեկուսի կեանքը: Գարեգին, անխափան ճշգրտութեամբ, ամէն գիշեր, գործէն ետք տուն փութաց, վայելելու համար մօր գուրգուրալից ու ջերմիկ մթնոլորտը: Համեղ ընթրիքէն ետք, ան հաճոյքով կը թաղուէր թերթերուն եւ գիրքերուն մէջ կամ կը դասաւորէր դրոշմաթուղթերու հաւաքածոն: Մինչ Զարուկ Մաման, կը տարուէր իր ապագայ թոռնիկներուն անվերջանալի գուլպաները հիւսելով եւ մերթ ընդ մերթ ալ կը նայէր ողորմած ամուսինի պատէն կախուած նկարին ու կը հառաչէր մրմնջելով.
-Պեմուրազ գացիր ա’յ մարդ…հարս ու թոռնիկ չտեսած ո՞ւր գացիր…
Ճիշդ էր, խօսքը ուղղուած կ՛ըլլար լուսահոգիին, բայց անհանգստացողը Գարեգինը կ՛ըլլար: Ակնարկը յստակ էր. տոհմը փրկե’լ կորուստէ: Բայց Ամերիկայի չարլսթոն աղջիկներով ի՜նչ հարս, ի՜նչ տոհմ փրկել…գիտէր մօրը ուզածը ի’նչ էր. միւռոնը ճակտին, հալալ-հարազատ հայ աղջիկ մը պէտք էր որ ըլլար հարսը, որ իր արդար կաթով աւիշ տար ծնելիք թոռնիկին, անոր հետ խօսէր հայոց սուրբ լեզուով եւ մանաւանդ՝ ամուսին եւ կեսուր մեծարել գիտնար: Գարեգին ուրկի՞ց ճարէր այդպիսի հրաշալիք մը:
Անցան տարիները համրիչի քարերուն պէս մէկ առ մէկ, իրարանման եւ աննկատելի եւ անպտո’ւղ: Զարուկ Մաման ալ ծերացաւ: Տկարացաւ ու անկողին ինկաւ: Վերջին գիշերը քովը կանչեց տղան: Աչքերուն մէջ սէր ու լուսաւոր շող մը կար, երբ գրեթէ փսփսաց տղուն.
-Երթաս Պէյրութ, հալալ աղջիկ բերես հարս: Ուրիշ խնդիրք չունիմ, տղա՜ս…:
Գարեգին մօրը ձեռքերը համբուրելով, արտասուալից խոստացաւ անպայման գործադրել մօրը կտակը:
Ու բարի, երախտապարտ ժպիտը դէմքին, մեկնեցաւ մայրը:
Գարեգին յարգեց իր խոստումը: Ամառը երկու ամիսով Պէյրութ մեկնեցաւ:
Տարին 1970-ն էր:
— 2 —
Ամառը, որպէս ուսուցիչ, երեք ամիս արձակուրդ ունէի: Բնաւ չէի սիրեր արձակուրդի այդ օրերը: Պարզ է, պատճառը նիւթականն էր: Մեզի տրուած ամսական վճարումը հազիւ կը բաւէր սնունդին եւ տան վարձքին: Հագուստ կապուստի եւ ուրիշ աննախատեսելի ծախքերը պէտք էր գոհացուէին պարտք վերցնելով կամ հրաշքով: Բայց պարտաւորուիլ չէի սիրեր եւ հրաշքներու ալ չէի հաւատար: Այնպէս որ միակ ելքը բարեկամս, Կարոն էր, ըսել կ՛ուզեմ Ֆոթօ Կարոն: Ան գուշակելով անցուկ կացութիւնս, առաջարկեր էր կէսօրէ ետքերը իր Համրա փողոցին վրայ հաստատած լուսանկարչատուն գալով, իրեն օգնել, անշուշտ փոքր վճարումի մը փոխարէն:
Ընդունեցի առաջարկը, համոզուած, որ իսկապէս պէտք ունէր ան օգնականնի մը, երբ ժամերով մութ սենեակին մէջ առանձնանալու հարկադրանքին տակ էր: Խանութը առանց հսկողութեան կարելի չէր ձգել:
Այդպէս, հո’ն է որ հանդիպեցայ Գարեգինին:
Հազիւ խանութէն ներս մտած, տեսայ զինք, լուռ ու մունջ՝ իմ աթոռիս նստած: Կարոն ալ լուռ էր, եւ կարծես թէ շուարած: Իմ մուտքս ան ընդունեց փրկութեան մը պէս: Անմիջապէս ներկայացուց մեզ իրարու:
— Զաւէն, ներկայացնեմ հայրենակիցս,- դիմեց ան ինծի երկդիմի ժպիտով մը:- Պարոն Գարեգին Դերձակեա’ն, Ամերիկայէն եկած է, դեղագործ է: -Ապա դառնալով Գարեգինին,- Իսկ Զաւէնը մօտիկ ընկերս է, եւ՝ ուսուցի’չ:
Ձեռնուեցանք: Ան քաղաքավարի ժպտեցաւ: Ես ալ նոյնպէս:
Տիպական ամերիկացի մը ըլլալը անմիջապէս հաստատեցի: Քաղաքացիի տարազով մարինզ մէն էր կարծես, կարճ, ալապրոս կտրուած մազերով եւ շեշտուած, պիրկ ու լայն կզակով: Երեսունի մօտ ըլլալու էր, բայց անկնճիռ դէմքն ու պճլտուն աչքերը կը մատնէին յամեցող մանկութիւն մը: Հագուեր էր վառ գոյներով նաշխուն շապիկ մը, որուն կարճ թեւերէն դուրս կը ցուցադրուէին մարզիկի դնդերներ:
— Հայերէն կը խօսի՞ք…-ըսի բան մը հարցուցած ըլլալու համար:
-Կը խօսամ, կը խօսամ ամմա իմ խօսածը էրկրի հայրէնն է: Մամս եւ պապս միայն այդ սորվեցուցեր են ընծի:
Խնդուքս չկրցայ զսպել: Մեր գաւառաբարբառը հայ տարեցի մը բերնին մէջ այնքան հիւթեղ եւ բնական՝ այս ամերիկեան Ճի Այ-ի կերպարանքով տղուն շրթներուն կը դառնար ծիծաղելի, խեղկատակ բան մը: Բարեբախտաբար, Գարեգին ինք ալ կը խնդար անմիջականութեամբ:
— Ուէլլ,- անգլերէնի փոխեց ան,- իմ գիտցած հայերէնը այս է: Իսկ դուք անգլերէն կը հասկնա՞ք:
— Ձեր խօսած հայերէնին չափ ալ ես անգլերէն կը հասկնամ,- կատակեցի ես:- Կրնաք խօսիլ ձեր նախընտրած լեզուով: Երկուքն ալ հասկնալի են ինծի համար: Ազատ զգացէք:
— Ուէլլ, կը խօսամ կէս-կէս, Էրկուքիս ալ լաւ կ՛ըլլի: Ես իմբրուվ կ’ենեմ հայրէնը, դուք ալ անգլերէնը: Եղա՞ւ:
— Հոյակա՜պ:- Կը յարեմ ես,- առաջին անգա՞մն է որ Պէյրութ կ’այցելէք:
-Ե’ս, առջին անգամ:
-Որպէս թուրի՞սթ թէ գործով եկած էք:
-Ոչ սփեսիֆիքլի…
-Ըսէ’, Գարեգին, մի’ քաշուիր,- Կը միջամտէ Կարոն,- Զաւէնը ճիշդ ու ճիշդ փնտռած մարդդ է. ձեռքին տակ անհամար վարժուհիներ կան: Ըսէ ինչու եկած ես:
— Չեմ քաշուիր: Ուէլլ, կարգուիլ կ՛ուզիմ, կ՛ուզիմ աս տեղէն հայ աղջիկ հարս տանիմ:
Ա’լ բարեկիրթ ժպիտը չէ որ պիտի փրկէ կացութիւնը, երբ զաւեշտը բարբառային կատակերգութենէն կը վերածուի կենցաղային խեղկատակութեան: Ուրեմն ծիծաղս կը փրթի անկաշկանդ:
-Մամիս սուրբ կտակն է, Խօսք տուեր եմ ու տի տանիմ,- կը պնդէ Գարեգին արդարանալով:
Տղուն համար պարզ է. խօսք տուեր է, ուրեմն պիտի տանի: Ամերիկացիի գոռոզ անձնապաստանութիւնն է խօսողը, գործնապաշտ ոգիին միացած՝ միամտութեան հովն ալ վրան:
— Իսկ պատահի որ մեր աղջիկներէն ոչ ոք ուզէ հետդ հարս երթալ,- կը կճեմ ես:
-Ինչո՞ւ տի չուզէ.. Էս ոչ քոր եմ ոչ ալ թոփալ, էրէք հատ տրէկսթոր ունիմ, տուն ու տեղի ալ տէր եմ… պենքն ալ լեցուն տալեր… ինչո՞ւ տի չուզէ..
— Օ՜, եթէ կարգը տոլարին հասաւ…
— Զաւէ’ն, -կը միջամտէ Կարոն,- սխալ մի մեկներ հարցը: Գարեգին պատուական տղայ է, ուղով ծուծով հայ: Զինք մի շփոթեր մեր հին տոլարճի փեսացուներուն հետ: Եթէ կրնաս, օգտակար եղիր, ազգասիրական բարիք կատարած կ՛ըլլաս: Գարեգին արժանի է ատոր:
Շուարած կը նայիմ Գարեգինին: Առանց վրդովումի ան կը ժպտի երանութեամբ: Զիս զինաթափ կ՛ընէ այդ ժպիտով: Իրաւացի է Կարոն. այս տղան չի կրնար ի նոցանէ ըլլալ. ոչ զառամած մըն է եւ ոչ ալ կծծի սենթեր հաւաքած խլեակ մը՝ որ ափ մը տոլարի խայծով կ՛ուզէ գայթակղեցնել պարմանուհի մը: Ընդհակառակը, ան առողջ, ներկայանալի, ուսումի եւ դիրքի տէր՝ կրնար շատ դիւրաւ ուզած աղջիկը ընտրել Ամերիկայի մէջ: Բայց քառապատիկը ծախսելով եկեր է հոս, հայախօս եւ հայադրոշմ աղջկայ մը հետ իր բախտը կապելու:
-Վրաս մեծ յոյսեր մի դնէք,- կը համակեպիմ վերջապէս,- աղջիկտեսի մէջ կատարեալ համբակ մըն եմ: Եթէ վարպետ ըլլայի, ամուրի չէի մնար. այնպէս որ…
— Այն ատեն էրկու աղջիկ կը գտնենք, մէկը ընծի, միւսը քեզի եւ մէկ պսակով գործը ֆինիշ կ՛ենենք,- կը ճառագայթէ Գարեգին:
— Կնքահայրութիւնն ալ ինձմէ: Մէկի տեղ երկու խաչ կը բռնեմ ձեր գլուխներուն վրայ,- կ՛եզրականացնէ Կարօ:
Ու ես , այսպէ’ս, ակամայ կը դառնամ նոր տեսակի «միջնորդ տէր պապա»:
— 3 —
Սակայն եւ այնպէս, դո’ւն, Գարեգի’ն, բնաւ դիւրահաւան չեղա’ր: Զաւէնն ու Կարոն զարմացուցիր խստապահանջութեամբդ: Միշտ չհաւնեցար ներկայացուած օրիորդները, հակառակ անոր, որ ներկայանալի պարմանուհիներ էին անոնք, մեծ մասամբ վարժուհիներ: Նոյնիսկ գեղեցիկներ տեսար, բայց սիրտդ ոչ մէկին տաքցաւ: Ի՞նչ կար մտքիդ մէջ՝ ոչ ոք հասկցաւ: Ոչ ոք կռահեց, թէ քու երեւութական պարզութեանդ եւ միամտութեանդ տակ, հարուստ ներաշխարհ մը կար թագնուած՝ տեսլականի մը հետ: Եւ նոր չէր որ ձեւաւորուեր էր այդ տեսիլքը, այլ, մանկութեան եւ պատնեկութեան առաձնութեանդ մէջ, երեւակայութեան թռիչքներով մարմնաւորուեր էր հետզհետէ, հիմնաւորուեր՝ երիտասարդական յոյզերովդ եւ երազներովդ: Ինչպէս բացատրէիր մարդոց, թէ արդէն ունէիր մտատիպար մը աղջկայ՝ որ պատանի օրերէդ մարմնաւորուեր էր գիծ առ գիծ, ժպիտ առ ժպիտ ու հմայիչ երազի մը քաղցրութեամբ համակեր էութիւնդ: Կեանքիդ մեծագոյն գաղտնիքն էր այդ պատկերը եւ նաեւ՝ միակ ապաւէնը, խենթութի’ւնը: Ուրիշ սրտակից չունէիր, եւ ոչ ալ ուրիշ թռիչք: Քիչ է ըսել՝ կը սիրէիր: Մարդ կը սիրէ ուրիշ մը: Իսկ ան ուրիշ չէր: Այլ՝ մաս մը էութենէդ, ինչպէս աչքերդ, ձեռքերդ, սիրտդ կամ տրոփը սրտիդ: Միշտ միասին էիք, անբաժա’ն, շունչ շունչի՝ յարատեւօրէն զրոյցի նստած: Հոգ չէ թէ յաճախ զբաղուած ըլլայիր դասերով ու գործով կամ ալ խօսքի բռնուած՝ ընկերոջ մը կամ յաճախորդի մը հետ, եւ ի՜նչ փոյթ թէ գտնուէիր եռուն, աղմկոտ վայրի մը կամ հեւ ի հեւ վազքի մէջ, միեւնոյնն էր՝ հաստատ գիտէիր թէ ան միշտ ներկայ էր ներսդ, ուշադի’ր՝ ամէն մի քայլիդ, պատրաստ՝ ամէն կարիքիդ: Վստահ էիր, համոզուած՝ թէ երբ օրերը ըլլային անհամ ու դաժան, երբ մարդոցմէ յուսահատ՝ պատճառներ ունենայիր տրտմելու, պիտի անպայման կարենայիր խոյս տալ բոլորէն ու արտորանքով սուզուիլ ներաշխարհէդ ներս, գտնելու համար ջերմութիւնը անոր սփոփարար ժպիտին: Այդ ներսուզումի պահերէն վերադարձիդ, վերածնածի պէս կ՛ըլլայիր: Հոգիդ խաղաղած, միտքդ հաշտուած եւ նայուածքդ պայծառ: Դուն ալ գիտէիր թէ անոր լոյսէ կերպարը ձեւաւորուեր էր տարերայնօրէն, մասնիկ առ մասնիկ, շող առ շող՝ շարժանկարի պաստառներուն վրայ այն ծփանուտ, աղօտ նկարներուն հետզհետէ յստակացող շարահիւսքին նման:
Ամենագրաւիչը դուն կը գտնէիր անոր ժպիտը, զոր գաղտնօրէն գողցեր էիր մօրդ աղջկական մէկ դիմանկարէն ու զետեղեր էիր հոն, հոգենկարիդ շրթունքներուն անկիւնը: Իսկ եղնիկի այդ նշաձեւ աչքերը դուն առաջին անգամ տեսեր էիր գիշեր մը, երբ հայրդ պատմեր էր Թագաւորին Պզտիկ Աղջկան հեքիաթը: Հապա գիշերի պէս սեւ ու ջրվէժի պէս յորդագեղ անոր մետաքս մազերը, կը յիշե՞ս ուրկից յափշտակեցիր: Գալէճի առաջին արձակուրդին, դասընկերներուդ հետ դէպի Լոս Անճելըս պտոյտին էր, չէ՞: Առաջին անգամ դուն հոն ճանչցար կինը: Մեքսիքացի աղջիկ մըն էր դեռատի աղիճը, ածուխի պէս սեւ աչքերով եւ մետաքսափայլ մազերով: Միսէն աւելի քեզ կախարդողը այդ յորդահոս մազերը եղան: Ճիշդ է, ետքէն, ամօթահար խուճապ մը կար փախչող քայլերուդ մէջ, բայց կոպերուդ տակ քեզի հետ տարիր այդ սեւ փողփողումը:
Հիմա ինչպէ՞ս բացատրես այս ամէնքը միւսներուն: Ինչպէ՞ս հասկցնես Զաւէնին ու Կարոյին հաւատարմութեան լուռ երդումդ զոր տուեր ես հոգենկարիդ: Ուրեմն, եկուր կապանք դիր լեզուիդ եւ լռէ՝ չբարդացնելու համար կացութիւնը: Բայց յոյսդ մի’ կտրեր. շարունակէ’ փտռել: Նախազգացումդ չի կրնար քեզ խաբած ըլլալ: Աանպայման գտնաս պիտի բնատիպարը հոգենկարիդ:
Մինչ այդ սակայն, հարկադրաբար, քեզի հետ պիտի չարչարես սա Զաւէն տղան, որ իր կարելին ըրաւ քեզի հաւնեցնելու համար իր ներկայացուցած աղջիկներէն գոնէ մէկն ու մէկը: Ու ամէն անգամ ալ, չհաւանութեանդ դէմ, փափկանկատութեամբ ձեւ մը գտաւ, քեզ եւ աղջիկը անախորժ կացութենէն փրկելու համար: Ու անտաշը դո’ւն եղար միշտ. առաջին վայրկեանին իսկ, բացայայտեցիր չհաւնիլդ: Փնտռածդ չէր: Իսկապէս որ կը ցաւէիր դէմդ նստած աղջկան համար:
Ա’լ որոշուած էր, վճռուած. յաջորդ հանդիպումը վերջինը պիտի ըլլար: Այդպէս խոստացած էիր Զաւէնին: Ա’յս ալ՝ եւ վ’երջ:
Հանդիպումը տեղի պիտի ունենար Այնճարի հայկական գիւղին մէջ: Զաւէնին հեռաւոր ազգականուհին էր այս մէկը՝ կէս զարգացած եւ կէս գիւղացի, բայց ըստ ըսուածին՝ դեռատի եւ գեղեցիկ:
Այս անգամ, երբ թաքսի նստած կը բարձրանայիք Լեռնալիբանանի ոլորաններէն, իսկապէս լարուած վիճակ մը ունէիր. ներքին անհանգստութիւն մը կը պրկէր կոկորդդ: Գրեթէ անհաղորդ մնացիր գեղատեսիլ բնանկարներուն հանդէպ: Նոյնիսկ, չլսեցիր Զաւէնին կսմիթները, նախորդ հանդիպումներուն ցուցաբերած չհաւանութիւններդ ծաղրող: Բայց, երբ նախ նստաք Այնճարի գետահայեաց սրճարան-ճաշարանը, բացառութեան կարգով խմեցիր երեք գաւաթ օղի, քաջութիւն ներարկելու համար երակներուդ: Ուզեցիր որ օղին պղտորէ ուղեղդ, մշուշապատէ աչքերդ, որպէսզի այս անգամ չկարենաս զգաստ բաղդատական մը ընելու:
Որպէս թէ, չծրագրուած, պատահական այցելութիւն մը տուիք աղջկան տունը:
-Ամերիկացի բարեկամիս ուզեցի հայկական գիւղ մը ցոյց տալ: Սիրեց գիւղը, սրճարանն ալ եւ պատուական գտաւ հրամցուած ձուկը: Մատուռն ալ հաւնեցաւ: Ես ալ, այս առիթէն օգտուելով, ըսի, Թորոսին բարեւ մը տամ,- ըսաւ Զաւէն իր ազգական Թորոսին:
— Բարեւը, մենք այսպէս, անցողակի չենք ընդունիր,- բողոքեց աղջկան հայրը:- Ճաշի ինչո՞ւ հոս չեկաք. վախցաք որ ուտելի՞ք չէք գտներ հոս:
Եւ դեռ ասանկ բանե՜ր…:
Նստեր էիք բակը, ընկուզենիի մը շուքին տակ: Երեկոյեան թեթեւ հով մը կը խաղար թուփերուն հետ: Զո’վ էր: Բայց դուն կը քրտնէիր:
Պարզ ու համարձակ եկաւ Հերմինէն, ձեռնուեցաւ երկուքիդ հետ, կատակեց Զաւէնին հետ եւ բնականօրէն նստաւ ճիշդ դիմացդ: Խօսք չկար, գեղեցիկ էր ան, վայրի ծաղիկի մը պէս բնական աճած: Ո’չ շպար ունէր եւ ոչ ալ որեւէ արդուզարդ:
Կ՛երեւի օղին քիչ խմած էիր. բնա’ւ չազդեց: Ու դարձեալ, դուն ըրիր քու անխուսափելի բաղդատականդ. հոգենկարդ դարձեալ յաղթական դուրս եկաւ. եւ դուն դարձեալ ցաւեցար գիւղի խոնարհ աղջկան համար: Շեշտակի չկրցար նայիլ Զաւէնին քեզ հարցաքննող աչքերուն:
Վերադարձը եղաւ յուղարկաւորութեան մը պէս տխուր:
Երբ Պէյրութ հասաք, ողոքելու համար Զաւէնին սիրտը, առաջարկեցիր կապելայ մը մտնել: Զաւէն մերժեց: Յուսահատ ու յոգնած՝ ան թափահարեց թեւերը:
-Ա’յս ալ չեղաւ,- եզրակացուց կշտամբանքով:
Դուն ծպտուն չհանեցիր: Ա’լ յանցաւոր զգացիր իսկապէ’ս:
Քալեցիք ամայացած փողոցներէն:
— Ինձմէ ա’լ փաս,- պոռթկած Զաւէն մէկէն:- Կարծեմ կարելիիս առաւելագոյնը ըրի: Ա’լ չես կրնար այպանել զիս չկամութեան համար: Գլխուդ ճարը փնտռէ ուրիշ տեղ: Բայց հարցում մը փուշի պէս խրուեր է կոկորդիս. աղբա’րս, ըսէ’. ուզածդ, փնտռածդ ի՞նչ է: Ըսէ’ որ մենք ալ բան հասկնանք, ըսէ’…
Մէկէն փոխուեցար: Յոգնութիւնդ անցաւ: Տխրութիւնդ փարատեցաւ: Աչքերէդ փայլ մը անցաւ: Ու երազուն ժպտեցար: Արդէն սուզուեր էիր ներսըդիդ: Կոպերուդ տակ վերագտար հոգենկարդ: Ա’լ ուժով էիր: Շեշտակի նայեցար Զաւէնին ու անձնապաստան հպարտութեամբ ըէիր.
— Հելպէթ տէ գիտե’մ ուզածս: Հո’ս, կուրծքիս տակն է միշ անոր պատկերը: Եւ գիտցի’ր, տի գտնա’մ զինք… տի գտնամ:
— 4 —
Եւ գտա’ր:
Գտար՝ երբ սպառեր էր յոյսդ եւ կը պատրաստուէիր տուն դարձիդ: Գտար՝ առանձինդ, առանց միջնորդի, առանց ծրագրուած հանդիպումի: Գտար հրաշքով, հեքիաթի վայել ձեւով:
Գացեր էիր ամերիկեան դեսպանատուն, Զաւէնին զբօսաշրջիկի անցագիր մը կարգադրելու: Ի վերջոյ, տղան այնքան յոգներ էր ու չարչարուեր քեզի համար: Որոշեր էիր, զինք ամիսով մը , ամբողջական քու ծասովդ զինք Ամերիկա հրաւիրել:
Սպասման սրահը նստած կը սպասէիր հերթիդ, հիւպատոսին քով մտնելու համար: Տխուր էիր, յոգնած ու մտացիր: Ի՜նչ յոյսերով եկեր էիր Պէյրութ ու հիմա պիտի վերադառնայիր ձեռնունայն, յուսախաբ: Ի՞նչ պիտի ըսէիր մօրդ գերեզմանին, ի՞նչ սրտով պիտի նայէիր տանդ պատէն կախուած անոր նկարին: Իրաւունք չունէիր մեռելներն ալ յուսախաբ ընելու: Ի’նչ կ՛ըլլար եթէ անոնց սիրոյն, ապսպրուածին համաձայն, այս տեղէն ընտրէիր համեստ ու խոնարհ աղջիկ մը եւ յետ մահու գոնէ, ուրախացնէիր ծնողքդ: Ի’նչ կ՛ըլլար. Բայց պարոնս երա՜զ ունէր, հոգենկա՜ր մը՝ որուն չէր կրնար դաւաճանել: Պարզ բառերով՝ պատրանք մը, խաբկա՜նք մը: Պատրա՞նք… ի՜նչ պատրանք կամ խաբկանք…
Որովհետեւ , երբ բացուեցաւ հիւպատոսին դուռը, անկից դուրս եկաւ ի’նքը, հրա’շքը: Այո’, հրաշք աղջի’կը. ճիշդ ու ճիշդ հոգենկա՜րդ:
Պարմանուհին թուխ էր, երկայնահասակ, նուրբ ու սիրուն: Հագեր էր օդանաւի հիւրընկալուհիի նարնջագոյն տարազը, որ կարծես արեւով կ՛ողողէր անոր համակ էութիւնը: Անսքող հաճոյքով ան կը զննէր ձեռքի բաց անձագիրը:
Անմիջապէս, դուն ճանչցար զինք: Վեր ցատկեցիր տեղէդ, ապշած ու դողահար: Առաջին հեղ, բռնեցիր ժպիտը՝ ճիշդ ու ճիշդ մօրդ աղջկական նկարէն կարծես դուրս եկած: Իսկ աչքերը հեքիաթի թագաւորին փոքր աղջկան եղնիկի աչքերն էին որ շուարած քեզի կը նայէին, որովհետեւ, դուն մոռցած ամէն պատշաճութիւն, մահակի հասակդ ցցեր էիր անոր դէմ ու փակեր ճամբան: Բայց զարմանքին ու շուարումին մէջն իսկ ան կին մնաց եւ եւ վերէն վար զննեց, կշռեց քեզ: Ապա, ներողամիտ ժպիտ մը շնորհելով , հեզասահ անցաւ քովէդ ու ելաւ դուրս: Իսկ դուն կախարդուած, պահ մը անշարժ մնացիր եւ միայն տեսար անոր մազե՜րը՝ արեւի կտոր գլխարկին տակէն ջրվէժուող փողփողումը գալարուն: Ռունգերդ գինովցած բոյրով, աչքերդ շլացած լոյսով, վազեցիր դուրս անոր ետեւէն:
Դուրսը, ծովեզերեայ ճեմուղին էր իր լայն մայթերով ու երկաթեայ բազրիքով: Պարմանուհին անոնց յենած՝ պասին կը սպասէր: Դուն ալ գացիր եւ քովը կեցար՝ որպէս թէ հանրակառքին սպասող: Ոչ իսկ անտարբեր կամ թերթ կարդալ ձեւացուցիր: Այլ, հանգամանօրէն սկսար աղջիկը զննել: Մինչ այդ, եկաւ հանրակառքը: Դուն ալ բարձրացար: Չէիր գիտեր թէ ո՞ր ուղղութեամբ կ՛երթար կառքը: Բայց ինքնավստահ գացիր ու նստար աղջկան ճիշդ ետեւի նստարանը: Նստար՝ եւ նոր անդրադաձար անհեթեթ կացութեան: Ո’ւր կ՛երթայիր այս անծանօթ քաղաքին մէջ: Ո՞վ էր այս անծանոթ գեղուհին, արաբուհի մը կամ այլադաւան օտարական մը… Այն ատեն… ի՞նչ դուրս կու գար…
Խուճապ մը քեզ հանեց ոտքի: Կ՛ուզէիր վար վազել կառքէն: Բայց կառքը կը սուրար արդէն: Ծիծաղելի ապիկար մը չերեւալու համար տեղդ ետ նստար, յաջորդ կանգառին իջնելու հաստատ որոշումով: Բայց ահա վրայ հասաւ երկրորդ վտանգը. տոմսավաճառը, որ կը մօտենար աղջկան:
—Տաուրա,- ըսաւ աղջիկը եւ երկարեց դրամը:
Տորա՜ն էր, իրեն արդէն ծանօթ հայկական թաղամասը: Աննման, աներեւակայելի գիւտ մը եղաւ այդ Տորան:
—Տորա‘ , — պոռացիր դուն, յաղթական ժպիտով մը , որ զարմացուց քեզի մօտեցող տոմսավաճառը: Անոր ափերուն մէջ երբ թխեցիր հինգ լիրանոցը եւ մերժեցիր ստանալ վրադիրը՝ մարդուկը անել կացութեան մատնեցիր: Ան բնաւ չհասկցաւ իմաստը այս աննախադէպ շռայլութեան: Ինչպէ՞ս կրնար ան հասկնալ տրամաբանական այն եզրակացութիւնը, որ բռնկեցուցեր էր մեծ ուրախութիւնդ Տորայի յայտնաբերմամբ. — թաղամասը հայաբնակ ըլլալով, հոն ուղղուող անձն ալ հա’յ կրնար ըլլալ:
Ալ չսպասեցիր: Ձեռքդ թեթեւօրէն դրիր աղջկան ուսին եւ հայերէնով ըսիր, առանց քաշուելու.
— Օրիորդ, քիչիկ մը կրնամ քովդ նստիլ…
Աղջիկը երբ զարմանքով ետ դարձաւ, ակներեւօրէն բարկացած էր: Բայց ի տես անմեղ, պարզունակ ժպիտիդ եւ աղերսող աչքերուդ, զինաթափ եղաւ:
-Խնդրե’մ, եթէ այդպէս կը փափաքիք, նստեցէք: — Պատասխանեց ան նոյնպէս հայերէնով:
Ինչպիսի արտորանքով գրեթէ խուժեցիր ու նստար քովիկը: Ա’լ վստահ էիր թէ նախազգացումդ պիտի իրագործուէր: Նախասահմանուծ է’ր: Եւ ասիկա պատահականութիւն չէ’ր կրնար եղած ըլլալ: Ա’լ վարանելու ժամանակը չէր:
— Ես Ամերկայէն էկած եմ,- ըսիր անմիջապէս:
Աղջիկը ժպտեցաւ վերջապէս:
— Յայտնի է :
— Կ՛ուզեմ կարգուիմ,-շարունակեցիր դուն նոյն թափով:
-Լա’ւ գաղափար է,- զուաճացաւ ան:
— Գաղափար չէ, նպատա’կ է,- սրբագրեցիր դուն:
— Լա’ւ, գովելի նպատակ է, — խնդաց ան:
Երես առած մանչուկի մը պէս քաջալերուած, անցար վերջին գրոհիդ.
— Կ՛ուզեմ քեզի հետ կարգուիմ: Կ՛առնե՞ս ընծի…
Աղջիկը չշփոթեցաւ: Ոչ ալ վրդոված թուեցաւ: Հանդարտ դարձաւ քեզի, անգամ մըն ալ զննեց քեզ վերէն վար: Յայտնի էր որ իր արհեստին բերումով, ան արդէն վարժ էր այսպիսի առաջարկներու: Ուստի բացայայտ ծաղր կար իր հարցումին մէջ:
-Այնքան դիւրի՞ն է ամուսնանալը ձեր Ամերիկային մէջ…
-Եթէ դիւրին ըլլար մինչեւ հոս գալու պէտք պիտի չունենայի,-ըսիր դուն:
-Այն ատեն, անմիջապէս ըսեմ որ, մեր մօտ, անհամ կատակները չեն սիրուիր եւ նոյնիսկ վիրաւորական կը նկատուին,- լրջացաւ աղջիկը :
-Ես կատակ չեմ ըներ, օրիո’րդ: Ես քեզ շատ հաւնայ եւ իրաւ կ՛ուզեմ կարգուիմ քեզի հետ,- կրկնեցիր դուն համոզումով եւ իւրայատուկ անմեղ ժպիտովդ
-Կատակ չէ ի՞նչ է, — վրդովուեցաւ ան: — Մէկ տեսնելով ամուսնութիւն չեն առաջարկեր, այն ալ՝ հանրակառքին մէջ: Զիրար ճանչնալ՝ գիտէ՞ք թէ ի’նչ կը նշանակէ:
-Այո’, գիտեմ, բայց ժամանակս կարճ է օրիո’րդ: Յետոյ, ո՞վ ըսաւ քի ես քեզ չեմ ճանչնար: հելպէթ տէ կը ճանչնամ, դուն միշտ հոս, ինծի հետ եղեր ես:- Ու որպէս ապացոյց ափդ դրիր կուրծքիդ վրայ:
Չարաճճի փայլ մը խաղաց աղջկան աչքերուն մէջ: Անշուշտ ան մտածեց թէ փախուկ մըն էիր դուն, կամ՝ մանկամիտ տհաս մը: Ուզեցիր բողոքել, տալ հակափաստը այդպիսին չըլլալուդ:
-Եթէ ուզես, ես քեզի կ՛ըսեմ իմին ով ըլլալս. — ըսիր — Իմ անունս Գարեգին է: Դեղագործ եմ եւ Շիքակօ էրէք դեղատուներ ունիմ: Դիրք, տուն ու տեղ ունիմ: Շիքակօ աղջիկներ շատ կան, բայց ես էտոնց չեմ հաւնիր . երեսնին մեռոն չունին, սկրթած են: Լուսահոգի պապիս ու մամիս խոսք տուեր եմ, Պէյրութ գալ եւ նամուսով հայ աղջիկ հարս բերել: Շենքով-շնորհքով տղայ եմ, հասակս տեղը, խելքը գլուխը եւ առո’ղջ: Գրպանն ալ ՝ լեցուն: Ինչո՞ւ չառնես ինծի: Հիմակ դուն ալ կ՛ըսես քու մասիդ եւ ճանչցած կ՛ըլլանք իրարու: Կը հաճի՞ս ինծի ըսել անունդ:
Աղջիկը լուռ մտիկ ըրած էր եւ ա’լ ծաղր չկար շրթներուն: Կարծես թէ տպաւորուած կը մտածէր: Ապա մեղմօրէն դժգոհանքը յայտնեց.
-Զիս անակնկալի բերիք. դեռ չեմ ճանչնար ձեզ, թէեւ կը յարգեմ ձեր զգացումները: Բայց ես դեռ չեմ մտածած ամուսնութեան մասին, դեռ պատրաստ չեմ: Իսկ, կը կրկնեմ, ամուսնութիւն առաջարկելու ձեւն ու տեղը չէ այս:
Դուն անախորժ չգտար աղջկան այս սաստն ու խրատականը: Ընդհակառակը, ըմբոշխնեցիր իւրաքանչիւր բառը, որ թէ յոյս կը ներշնչէր եւ թէ ալ կ՛ապացուցէր աղջկան խելացի եւ պարկեշտ ըլլալը: Այնպէս որ ա’լ գորով կար ձայնիդ մէջ երբ դարձեալ խնդրեցիր.
Արժանի չե՞ս գտներ ընծի անունդ ըսելու:
Երկար նայեցաւ քեզի, ժպտաց ալ: Զգացիր որ դիմադրութեան վերջին դիրքերը տեղի կու տային: Արդարեւ, ան վճռական շեշտով ուզեց եզրակացնել.
-Տեսէ’ք — սկսաւ ան,- յաջորդ կայանին ես պիտի իջնեմ: Շատ կը խնդրեմ որ ինծի չհետեւիք: Եթէ խօսք տաք չհետեւիլ, կ՛ընդունիմ մտածել ձեր առաջարկի մասին: Վաղը առտու թռիչք մը ունիմ: Ինչպէս կը տեսնէք, հոսթէս եմ: Կը վերադառնամ յաջորդ օրը: Իսկ միւս առտուն կը հեռաձայնեմ որոշումս: Եղա՞ւ: Հիմա տուէք հեռաձայնի ձեր թիւը եւ խոստացէք չհետեւիլ ինծի:
Արտորանքով տուիր այցետոմսդ: Եւ քանի որ կառքն ալ հասեր էր կանգառին, ոտք ելար եւ իսկական ճենթըլմէնի մը պէս խոնարհելով ճամբայ բացիր աղջկան: Ու ան հեզասահ, անցաւ քովէդ եւ գողտրիկ , գոհունակ ժպիտ մը կաշառք ձգեց քեզի:
Ու հանրակառքը քեզ եւ հրավառուած ուրախութիւնդ առաւ տարաւ ետ:
— 5 —
Արաքսի իջաւ պասէն, ու վտանգէ փախչողի մը պէս քալեց խուճապահար: Թէեւ, ամէն քայլափոխին, տղան անգամ մըն ալ տեսնելու փափաքին խլրտիլը կը զգար իր մէջ, բայց զսպեց ինզինք ու ետ չդարձաւ նայելու: Վախը, ա’լ տղուն հետ նոր հանդիպումը չէր, այլ այն՝ որ կրնար պատահածը լոկ երազ մը կամ խաբկանք մը ըլլալ: Ու խուսափելու համար ստուգման հարկադրանքէն, վճռական քայլերով մտաւ Մար Եուսուֆ խճողուն թաղամասէն ներս եւ անմիջապէս շեղեցաւ դէպի ձախ, ուրկից ա’լ կարելի չէր տեսնել Տորայի անցուդարձերը: Իսկ Գարեգին յարգած էր իր խոստումը:
Գարեգի՞ն… ինք ալ զարմացաւ այսքան բնականօրէն տղուն անունը, նոյնիսկ մտովի, արտասանած ըլլալուն: Կարծես հին մտերիմ մը ըլլար: Այլայլած, կանգ առաւ նորաձեւութեան վաճառատան մը առջեւ: Ցուցափեղկը կը դիտէր առանց բան մը նշմարելու: Պարզ պատրուակ մը՝ շնչառութիւնը տեղը բերելու եւ մտածմունքը վերադասաւորելու համար: Շնչահատութեան պատճառը անշուշտ արագ քալած ըլլալը չէր. մարզիկ աղջիկ էր, քալելն ու վազքը սիրող: Այն ատեն ինչո՞ւ այս յուզումն ու իրարանցումը… միթէ ազդուեր էր տղուն ձախաւեր հետապնդումէն, երբ գործին բերումով արդէն վարժուած էր սառնասրտօրէն դիմակալելու նոյնիսկ վարպետորդի ցանցապատմուները: Գուցէ, տղուն ձախաւեր վերաբերմո՞ւնքն էր որ հիմա սրտառուչ կը թուէր: Չէ՞ որ սէրը կոյր է կ՛ըսեն, որ կրնայ յանկարծ բռնկիլ մէկ աննշան կայծով իսկ: Եւ նաեւ՝ իսկականը ե՞րբ չէ եղեր անճառակ ու շփոթ:
Այդ պահուն, ան նշմարեց որ ցուցափեղկին ցոլացնող աղջիկը ներողամիտ իրեն կը ժպտէր: Յանցանքի մէջ բռնուածի բնազդով անմիջապէս հեռացաւ ու քալեց, նախ արագ քայլերով եւ ապա, հանդարտած՝ ճեմողի շորորուն քայլերուն յանձնելով իր նոր տրամադրութիւնը:
Երբ հասաւ իրենց տան սեմին, զգաց թէ յոգնած էր եւ անտրամադիր. սովորական առօրեան էր որ ներսը իրէն կը սպասէր:- Մայրը խոհանոցէն գալով, պիտի սրբէր թաց ձեռքերը գոգնոցով եւ պիտի տագնապէր գուշակելու համար աղջկան տրամադրութիւնն ու հոգեվիճակը: Հայրը, ըստ սովորութեան, ինքզինք պատած թերթերով, սուրճի գաւթներով եւ ծխախոտի ամպհովանիով, պիտի հազիւ նշմարէր իր գալուստը, իսկ հարսը, — եղբօր կինը,- նստած սրահին միւս անկիւնը, պատուհանին քով, յղի կնոջ պաղ աչքերով պիտի յամառօրէն նայէր իրեն: Ի դէպ, Աննիկ ինչո՞ւ միշտ իր անկենդան նայուածքով կը հալածէր զինք: Ինք որքան պիտի ուզէր որ իրենց միջեւ կռիւ ու նախանձ ըլլար, տեւական բախում՝ տան դիրքերու վերադասաւորման համար: Տրամաբանական պիտի ըլլար, որ Աննիկ փորձէր առաջ անցնիլ: Բայց բնաւ չփորձեց. առաջին օրէն ընդունեց իր գերագահութիւնը: Ուղղակի անտանելի էր զգալ անոր արջառային նայուածքը իր վրայ: Պատճառ մը՝ որ ան ախորժակ չունենար տուն մտնելու: Բայց այսօր իսկապէս յոգնած էր ու վաղը ճամբորդէր պիտի: Ուստի մտաւ վերելակէն ներս, անմիջապէս իր սենեակը քաշուելու հաստատ որոշումով:
Նախատեսուած առօրեան գործադրուեցաւ անփոփոխ. թաց ձեռքերով մայրը, ծխապատ հայրը եւ արջառային նայուածքը կրկնուեցան նոյնութեամբ: Իսկ ինք գլխու ցաւ պատրուակելով առանձնացաւ եւ առանց հանուելու փլաւ անկողինին վրայ:
Հազիւ երկնցած՝ արդէն մտապաստառին վրայ Գարեգինն էր, իր տարօրինակ յանդգնութեամբ եւ պարզունակ, գրեթէ գեղջկական խօսելակերպով:
Առաջին հեղ ունկերուն կրկին հնչեցին . «Շիքակօ էրէք դեղատուն ունիմ»ը: Ու հարցումը խայթեց զինք. տղուն հարստութի՞ւնն էր զինք շահագրգռողը:
Ընդվզումով նստաւ, պիրկ կծիկ դարձաւ անկողինին մէջ: Ո’չ, արդար չէր ինքնիր հանդէպ: Ինք բնաւ դրամը ոչ նպատակ եւ ոչ ալ չափանիշ էր դարձուցած: Լաւ կը շահէր եւ լաւ ալ կը ծախսէր: Միայն այդքա’ն:
Վերահանդարտած, կրկին երկնցաւ անկողնին վրայ: Այս անգամ փակեց աչքերը: Ու՝ «իմ սիրտ մի կոտրեր, աղո’ւոր աղջիկ» թախանձեց Գարեգինի փափկացած ձայնը: Այս անգամ՝ աւելի հիմնաւորուած. «կու գամ, կարգով-կանոնով հարս կ՛ուզեմ քեզի» պնդեց անիկա: Ու բոլոր Գարեգինները միաբերան արձագանգեցին. «Յոյս մը տու’ր, դուռ մը բա’ց ձգէ…»:
Դարձեալ շտկուեցաւ, նստաւ: Սիրտը կը բաբախէր արագ. ուրախութեան մը արագութիւնն էր: Գրկեց ծունկերը եւ գլուխը անոնց հանգչեցուցած, ժպիտ մը ունեցաւ: Արդէն ձիւնհա՞լն էր ներքին դիմադրականութեան: Ըլլալով հարցասէր եւ պրպտող՝ ան ուզեց գիտնալ թէ ինչո՞ւ: Ու միտքը լարուած՝ դեգերեցաւ բոլոր յատկութիւններուն եւ կարելիութիւններուն վրայ: Ամենէն վերջը եկաւ, կանգ առաւ անմիջական պարզութեան եւ մանկունակ թուացող միամտութեան վրայ, որուն գումարը անկեղծութիւնն էր: Գտաւ որ, Գարեգինին աչքերը աւելի խօսուն էին քան բառերը: Անոնք վճիտ էին առաւօտուն նոր բացուած երկինքի մը պէս: Ու ինք արդէն կը հաւատար այդ աչքերուն: Կը վերյիշէր անոնց մէջ շողավառումը յոյսին, երբ կ՛ըսէր. «կ՛ուզեմ կարգուիմ քեզի հետ…կ՛առնե՞ս ընծի…»
Հարցումին արձագանգը տակաւին ներսըդին էր: Ու ինք գոհ էր. ունէր գիտակցութիւնը, թէ քիչ թիւով կիներ կրնային արժանանալ այս շնորհին, որ ոչ ծեգծեգանք եւ ոչ ալ վերամբարձ շղարշ ունէր եւ ոչ իսկ՜պոռոտ բառակոյտ: Այլ՝ պարզ ու վճիտ սիրտէ մը բխող խնդրանք մէն էր, իսկական սիրոյ մը պարունակով: «Կ՛առնե՞ս ընծի…» խռովող եւ սրտառուչ՝ որ միայն ուզել մը չէր, այլ եւ մանաւանդ՝ տա’լ մը, մատուցում մը:
Քանի ա’լ սկսաւ յստակացնել մտածումներն ու որոշումը, թո’ղ այս խոստովանութիւնն ալ ի’նք ընէ. առաջին այն րոպէին իսկ, հարցումը իրեն տրուած պահին իսկ, երբ անակնկալի եկած դարձեր էր ինք դէպի տղան եւ տեսեր անոր վճիտ, ամէն ինչ արտայայտող աչքերը՝ հաւատացէ’ք, արդէն ներքնապէս տուեր էր իր «այո’» պատասխանը: Մի’ հարցնէք թէ ինչո՞ւ: Այդ պահին ինք ալ տակաւին պատասխան չունէր: Նախ զարմացած էր, յետոյ շուարած, նոյնիսկ վախցած ու ընդվզած՝ բայց եւ այնպէս՝ յանձնուած ու գրաւուած: Խառնաշփոթ շեղջակոյտ մը ապրումներու, որոնց պարզաբանումն ու բացատրութիւնը, վստահ էր, վերջէն պիտի գար: Իսկ հիմա որ առանձինն էր, ա’լ սիրտ չունէր այդ չափել-ձեւելներուն համր: Ունէր միայն զղջումը. ինչո՞ւ քաջութիւնը չունեցաւ այն ատեն իսկ ըսելու Գարեգինին թէ յօժար էր: Ինչո՞ւ չըսաւ…
— 6 —
Եւ երկինքէն ինկան…
Փորձութիւնը հեզասահ այն զառիթափն է, որ կախարդականօրէ քեզ կը քաշէ երկինքէն թաւալգլոր ինկող երեք կարմիր խնձորներուն ետեւէն: Բայց ինչպէ՞ս բաժնես զանոնք առանց որեւէ մէկը վշտացնելու: Գիտէք արդէն, առաջին խնձորը պատմողին անառարկելի իրաւունքն է: Ի հարկէ երկրորդը կ՛երթայ հարսին իսկ երորդն ալ անպայման՝ փեսային: Հապա միւսներո՞ւն… Զաւէնին, Կարոյին բաժինները՞… եւ մանաւանդ ձե’ր բաժինը, սիրելի՜ ընթերցողներ՝ պիտի ըսէք. ո՞ւր մնաց: Բնա’ւ հոգ մի ընէք. Գարեգին մտածած է նաեւ այդ մասին եւ նոյնիսկ չէ մոռցած յաւիտեանս անտեսուած ուսոցիչ-ուսուցչուհիներն ալ: Չէ՞ որ ան պարտական մնաց նաեւ կարգ մը ուսուցչուհիներու հանդէպ, զանոնք եւս յոսախաբ ձգելով: Յետոյ, միս մինակ հարսնիքի չերթցուիր, չէ՞… Ուդեմն, Գարեգին Զաւէնէն խնդրեց որ հրաւիրէ հայ դպրոցներուն բոլոր դաստիարակները:
Ու ահա’, Քարլթոն շքեղ պանդոկի ընդարձակ սրահին մէջ հարսանեկան մեծ տօնախմբութիւն է՝ շքեղ եւ աղմկալից: Շամփանյը եւ ուիսքին կը փրփրին ու կը հոսին առատօրէն եւ համադամներու սեղանները կը վերանորոգուին բազմիցս: Գարեգին, ափին մէջ ամուր սեղմած Արքասիին փափկասուն ձեռքը, անոր հետ կը շրջի սեղանէ սեղան եւ գաւաթ կը զարնեն բոլորին գաւաթներուն հետ:
Ու հեռո’ւ-հեռո՜ւն, ձիւնասպիտակ լեռներէն ու մեծ ովկիանոսէն անդին, բազմամարդ եւ բազմաժխոր քաղաքի մը մէկ տան պատէն կախուած երկու նկարներ կը ժպտին իրարու. Նազար Աղբարին եւ Զարուկ մամային լոյսէ ժպիտներն են, վերջապէ’ս:
Վերջին մեկնաբանություններ