Սագո Արեան | ՃԱԿՏԻ ԳԻՐ…

Եղիկին Գայայեան՝ ուշացումով…

Ապրիլի արեւը դալուկ ու անխելք,
Մնացորդ հովը եւ օդը գէշ,
Յետոյ երեկոյեան սպասուած չորուկ քամի ու անձրեւ…
Յետոյ մենք բոլորս…
Ճակտի գիր…
Մեր սկիզբը,
Պատկերներ խոնաւ պատերուն,
Մութին անկիւնը պահող տղոց դիմագծումները,
Փայլող ժպիտներ
Ու հեռացող սուրբեր…
Բոլորն ալ ճակտի գիր…
Հաւատ եւ կրօն.
Արագածի տանիքներէն պարզուած դրօշակներ
Կարմիր ֆետայութեան,
Արձակուած դիշեր՝
Տանիքներուն վրյա իբրեւ հովանոց կամ սունկ.
Թաղերը նեղլիկ, վիրաւոր
Պատերուն վրայ ապրիլ ամսուան հետքերը
Ծակոտիներ…
Ծակուած պատեր,
Ծակուած սրտիկներ,
Ու անոնց մէջէն ծլացող տերեւներ կանաչ…
Այս բոլորը ճակտի գիր…
Իմ կանաչ ջրամանս,
Գարեգին Նժդեհին ինծի նուիրած կապոյտ գիրքը,
Որ Համազգայինի գրախանութէն ստացայ իբրեւ նուէր
Խման-խեար վաճառողին հետ հազար անգամ կռիւ տալէ յետոյ,
Ու իր աներեր ժպիտը՝ իբրեւ փայլ աստուածներու ժամանակէն…
Գաղափարանուէր գիրքերն ու աւետարանը իրեն ապաստարանի վերածած
Դեղնորակ մորուքով, թիկնեղ ու սքանչելի տղուն…
Այս բոլորը ճակտի գիր…
Հօրեղբայրս կը հայհոյէր բանաստեղծներուն,
Շանթը տետրակներ ունէր՝
Ատրճանակներու եւ ռումբիկներու նկարներ կը փակցնէր խէժով,
Ու կը բացատրէր վեց կարեւոր մասերը ատրճանակներուն…
Վարը Եղիկը Յովհաննէս Շիրազէն կ’ասմունքէր,
Բոլորը քար լռութիւն կտրած կը լսէին զինք ….
Ի՞նչ կը փոխուի օրերէն՝ նոյն հայհոյանքը հինէն ի վեր.
Հայրս Ճրապլուսի բեմին վրայ պատռտած շորերով Չարենց կ’արտասանէ,
Ես Չարենցի կամարի տակ Ս.Տ.-ին հետ կը հարբիմ…
Շանթը տետրակներուն մէջ
Երգարանէն էջեր կը փակցնէ…
Նոյնն է ամէն ինչ…
Ու այս բոլորը ճակտի գիր…
……………………………………………………………
Մէկը, շատեր հին ֆետայիներու անուններով երդում կ’ընեն,
Երէկ մոսին հրացան, այսօր փամփուշտ ու քլաշին,
Հերոս կտրած,
Հերոս դարձած
Փարոսներուն կը նային…
Զարմանալի էր գերեզամանը…
Բոլորը ջահել էին,
Հաւատքը չի մեռնիր,
Մնացողն է գաղափարի շապիկին,
Ու վերջին դատաւորն է…
Հաւատքը միեւնոյնն է անուններ փոխելով վայրեր ու դէմքեր ….
Հաւատքը կերակուր
Ու հաւատքը ճակտի գիր…
Եղիկ Գայայեանը զարմանալի ժպիտով տղան.
Անոր յիշատակը ցնցող է…
Բառերը կը պարտուին,
Գիրը կը հիննայ,
Բայց ան կապոյտ պատուանդանին վրայ՝ իբրեւ
Յաւիտեանը առաջ տանող հերոս,
Որ չի պոռար,
Այլ կը պարզէ թեւերը գրկելու համար
Իմ այդքան վիրաւոր թիկունքներս.
Կ’ըսէ ծայրէն պիտի քալես
Այդպէս աննկատ ու անձայն ..
Խելառ մի եղի՛ր
Վերջին պատկերը դուն պիտի ամրացնես
Ու վառես ջահը Պիպլոսի ափերուն,
Երբ մտածես որբերուն ու վտարանդի մեր ճակատագրին մասին …
Եւ պիտ ըսէր՝ այս բոլորը ճակտի գիր…
Ան, Եղիկը Հայսատան չտեսաւ. ..
Չճանչցաւ անոր եզերքներն ու շէները,
Մայթերու ծանօթ -անծանօթ բանաստեղծները,
Իր հաւատքով ու մարգարէական փայլով Հայաստանը փոխադրեց մեր երակներուն…
Եղիկին պատկերը սոսկալի է…
Եղիկին պատկերը նախնադարեան մագաղաթէն ինկած պատառիկ է…
Ստուերներու մէջէն ծլացող.
Փափմշտարգել է Եղիկը,
Աղաւնի խաղաղութեան
Եւ քաջութեան փարոս, որ կը ճախրէ դէպի Արագածի փէշերը…
Այս բոլորը ճակտի գիր…
Մեղաւոր ձեռքերով պիտի գրել իր մասին,
Ինք մեղքի քաւարան…
Վիրաւոր ձեռքերով պիտի գրել իր մասին ,
Ինք ՝ վէրքերու դարման…
Սուրբեր փնտռելու ելած,
Սուրբերու հետ խոկալու ելած,
Իր յիշատակը անմեռ է …
Քանզի գարնան՝ սարերու
Փոթորիկներէն ետք
Ձնծաղիկները պիտի աճին…
Պիտի աճին մեր մաշկերուն վրայ,
Որով հունտը անաւարտ է…
Մեր մեղքերը,
Մեր ցաւը,
Մեր կենացները կը հատնին.
Մեր վէրքը, մեր աղօթքները,
Մեր դիմակներուն կեղծ փայլերը կը պակսին,
Բայց կը մնայ հունտը…
Հունտը,
Իբրեւ ճակտի գիր…
Եւ Ալագեազի փէշերուն վազող…
Դէպի երկինք բարձրացող արահետի զինուոր.
Բոլորս ալ զինուորներ ենք,
Բայց ոչ մէկս Եղիկ պիտի դառնանք …
Անոնք երկրի աղն են
Ու երկրի աղը չի պակսիր…
Այս բոլորը գիր ճակտի…
Այս բոլորը ճակտի գիր …
Ճմռթկուած ու դալուկ ճակատը մեծ մամայիս որ,
ԵՂԻԿԻՆ տրտրալով սուրճ կը պատրաստէր .
-Եղի՛կ, մխեաթ օլ,- կ’ըսէր,
Իմա ՝ ուշադիր եղիր անոնց գնդակներէն ….
Ու Եղիկը իր առասպելական ժպիտով կը նայեր անոր ճակտի խորշոմներուն,
Դարաւոր ճակատ ու դարաւոր խորշոմներ
Այս բոլորը ճակտի գիր…

Թողնել պատասխան

Ձեր էլեկտրոնային հասցեն չի հրապարակվի