Մարուշ Երամյան | Ի՞ՆՉ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԵՆՔ

Ի՞նչ կը կորսնցնենք, երբ բանաստեղծ մը կորսնցնենք …
Մտածած չենք. որովհետեւ մեզի կը թուի, թէ չենք կրնար բանաստեղծ մը կորսնցնել:
Ճիշդ է: Բանաստեղծը կ’ապրի մեր մէջ իր տողերով եւ իր արտաշնչանքով, որ կը ներշնչէ մեզ:
Բայց կը կորսնցնենք իր գալիք տողերը, իր սոսկական գոյութիւնը, որ տարօրինակ ապահովութիւն մը կու տար մեզի. կարծես ի՛ր վրայ բեռցուցած լեզուն պահելու ամբողջ հոգը, մենք կրնայինք ապրիլ մեր առօրեան քիչ մը անհոգ, քիչ մը անուշադիր, քիչ մը էական բաները մոռացութեան տուած:
Մանաւանդ երբ բանաստեղծը Զուլալ Գազանճեան անունը կը կրէ եւ կը կրէ պատիւը սփիւռքահայ բանաստեղծութեան «վերջին ռոմանթիքը» ըլլալուն:
Զուլալ Գազանճեանի համար կ’ըսուի թէ մեր բանաստեղծութեան վերջին ռոմանթիքն էր ոչ միայն իր ներանձնական, զգայուն եւ դառնանուշ բանաստեղծական ոճին համար, այլ նաեւ որովհետեւ բնութիւնը հիմնական բաղադրիչներէն մէկն է անոր բանաստեղծութեան:
Այն առաջին օրէն, որ «քսան ժամ քշելով» հասած էր իր նման այլ բանաստեղծի մը՝ Յարութ Կոստանդեանի բնակավայրը, Ֆրանսայի լեռներուն վրայ, Գազանճեան, Կոստանդեանի նման, բնութիւնը իր մտերիմը դաւանած էր: Այդ բնութիւնը, Փարիզի մէջ երբեմն եղած է գետը՝ «Յարո՛ւթ, բարի լո՜յս: Քեզի կը գրեմ/ առաւօտ կանուխ, Սէնին դէմ առ դէմ», կամ եղած էր մութ ու ցուրտ գիշերուան մը երազը.

Հորիզոնին վրայ գեղեցիկ չէր լուսինը.
ալիքը բարձրացաւ եւ զայն ծածկեց
երբ սկսաւ փոթորիկը
երբ ջուրերուն վրայ տխրութիւնս գեղեցկացաւ:
Փրփուրները բարձրացան մինչեւ աստղերուն.
վար իջան, ճակտի՛ս:
Աչքերուս մէջ ինչ կը տեսնես՝ արցունքներ չեն
այլ Պայծառակերպութիւնը ցաւիս:

Զուլալ Գազանճեան իր կեանքով կը խտացնէ սփիւռքահայ մարդուն կեանքը՝ Արեւմտահայաստան (Մուսա Լեռ) ծնած, Հալէպ ապրած, Վենետիկ ուսանած եւ Փարիզ աշխատած Գազանճեան, մեր բոլոր գրագէտ-բանաստեղծներուն նման լեզուն՝ արեւմտահայերէնը հայրենիք պիտի դաւանէր:
Լռակեաց մարդ էր, ինքնամփոփ, որ հարցազրուցներ տալ ալ չէր սիրեր. Այլ խօսքով՝ անծանօթ մըն էր, որուն բանաստեղծութիւնը սակայն անմիջականօրէն կը հասնի ընթերցողին, կը բացուի ինչպէս գարնանային անձրեւ եւ կ’ողողէ իր ապրումներուն խտութեամբ, միայն եթէ ընթերցողը … բանայ իր գիրքերէն մէկն ու մէկը:
Շահան Սրբազանի հրաւէրով Հալէպ որոշ շրջան մը կեցութիւն հաստատած բանաստեղծին համար ասիկա ի՛ր քաղաքն էր, որ երիտասարդական շունչ մը կը կրէր սփիւռքահայ բանաստեղծութիւնը, եւ ուր ինք փնտռուած բանաստեղծը եղաւ, շրջապատուած իր քերթողութիւնը սիրող եւ գնահատող մարդոցմով:
Գազանճեանի առաջին գիրքը՝ «Կեանքը Քոյրս», որ իր խորագիրը կ’առնէ ռուս բանաստեղծ-վիպագիր Պորիս Լիոնոտովիչ Փասթերնաքի քերթողական առաջին գիրքէն — լոյս տեսած 1922-ին — հաւանաբար հեռու ակնարկութիւն մըն է իր կացութեան, այնքան նման Փասթերնաքի, որ «աքսորեալ» մըն էր եւ տնային կալանքի ենթարկուած, կեանքին վերջին տարիներուն:
Գազանճեան եւս «աքսորեալ» մըն էր իր ծննդավայրէն, հայրենիքէն, քաղաքէն, ուր կ’ապրէր, եւ ստիպողաբար կ’ապրէր քիչ մը Փարիզ, քիչ մը Վենետիկ եւ, վերջին տարիներուն՝ քիչ մը Երեւան:
Եթէ ճիշդ է այն խօսքը, որ սփիւռքահայ մտաւորական-գրագէտները ըսած են՝ լեզուն հայրենիքս է, ապա Գազանճեանի համար աւելի քան ճիշդ է ասիկա. Բանաստեղծի իր լեզուն մեծարանք է արեւմտահայերէնին իր նրբութեամբ եւ բառերուն հանդէպ ունեցած խնամքով.

Լեզու իմ, քերթութիւն իմ տխուր,
Արիւնէս քաշուած քացրութիւն.
Հրաշք դեղ ու յուռութք, թաքթաքուր՝
Զիս ոտքի՛ պահող զօրութիւն:

Լեզուին եւ գիրին հանդէպ սիրոյ այլ արտայայտութիւն է միջնադարու գրական գոհարներու փոխադրումը արեւմտահայերէնի, երկու հաստափոր հատորներու մէջ ամփոփուած:
«Ժամանակները բանաստեղծական չեն, աւա՜ղ» կ’ըսէ Մարկ. Նշանեան իր «Հինգերորդ ժամանակի որոնումը» յօդուածի սկզբնաւորութեան. Յետոյ կը շարունակէ, թէ բանաստեղծութեան մասին «գրելը չէ դժուարը. վայրն է որ հաւանական չէ»: Նոյն այս յօդուածին մէջ Մ. Նշանեան ակնարկելով Զ. Եսայեանի «Սկիւտարի Վերջալոյսերը» գիրքին կ’ըսէ.
« … բանաստեղծութեան մասին որպէս վերջալուսային գործունէութիւն, որպէս մահուան արձանագրութիւն, որպէս տապանագիր միշտ եւ ընդմիշտ»:
Եւ կ’եզրակացնէ.
«Եւ ուրեմն ի՞նչ է բանաստեղծական գործ մը, ի՞նչ է բանաստեղծութիւնը, եթէ ոչ մահարձան մը, միշտ եւ ընդմիշտ, իր էութեամբ իսկ: Կը վկայէ մահէն անդին: Անհատի մը կամ լեզուի մը մահէն անդին: Հետեւաբար՝ վերջալուսային արձանագրութիւն»:
Այս հատուածներուն առաջին ընթերցումը կրնայ ժխտական տպաւորութիւն ստեղծել: Բայց երբ շեշտը դնենք «մահէն անդին»-ին վրայ, պիտի տեսնենք, որ եթէ նոյնիսկ բանաստեղծական երկ մը մահարձան մըն է, բայց նաեւ «կը վկայէ մահէն անդին», այլ խօսքով՝ կը վկայէ բանաստեղծական երկին յաղթանակը մահուան վրայ:

«Կը սկսինք մեռնիլ
Յիշելով»

կ’ըսէ Գազանճեան իր «Շարունակելի» քերթողագիրքին մէջ: Կ’ըսէ նաեւ.

Արեւուն տակ բացուած՝ մագաղաթ.
Պատմագիրք,- այսինքն՝ աստ հանչի:

Անշուշտ ճիշտ չէ քանի մը տող դուրս առնել քերթուածէ մը եւ ըստ այդ տողերուն կարծիք մը արտայայտել. Սակայն իրողութիւն է, որ բանաստեղծը, իր զգայնութեամբ կը կենայ կեանքի բիրտ իրականութիւններուն ետին, զանոնք կը զգայ իր ամենէն նուրբ ջիղերով, եւ ի վերջոյ կ’արտայայտէ: Իսկ մահը, ըլլալով հիմնական մէկ մասը կեանքին, ինքզինք մեզի կը զգացնէ յաճախ շատ աւելի ուժգնութեամբ, քան կ’ուզէինք:
Բայց գրականութեան պարագային կայ ա՛յն իրողութիւնը, որ գրական երկը, հակառակ «մահարձան» ըլլալուն, իւրաքանչիւր ընթերցողի հետ յարութիւն կ’առնէ, եւ իր հետ կ’ապրեցնէ հեղինակը:
Հարցը ուրեմն մեզի՛ կը մնայ՝ կրնա՞նք ապրեցնել մեր բանաստեղծները, թէ՞ զանոնք մոռացութեան յանձնած, հանգիստ խիղճերով պիտի երթանք մեր կեանքը ապրիլ:
Ասիկա հաւանաբար այնքան ալ պատշաճ չտեսնուի, որպէս յիշատակի խօսք, Զուլալ Գազանճեանի համար ըսուած. բայց իրողութիւն է:
Ահա ազնուական բանաստեղծ մը, ահա՛ իր «Քերթուածներ»ը, եւ ահա՛ դուք՝ իր ընթերցողները:
Գրագէտի մը յիշատակը յարգելը զինք ընթերցելով կ’ըլլայ.

Եւ սիրոյս բերքն ահա լաւագոյն,
Նորատուզ, բերած եմ քեզի՛.
Թող ի զուր չփնտռէ այցելուն.
Քերթուածը խաչքարի պէտք չունի՛:

Զուլալ Գազանճեան բանաստեղծի յիշատակին համար աղօթք եւ խունկ եւ՝

Հո՛վ բերէք՝ բարձունքէն Անտոքի,
Ծաղիկներ՝ Մարութայ սարերէն …

1 comment

    • Սիրանույշ Օհանյան on 21 Մարտի, 2011 at 11:06 ա.
    • Reply

    Լավն էր, շնորհակալություն: Սիրեցի Զուլալ Գազանճյանին առաջին ծանոթությունից: Գեղեցիկ է և ճիշտ` “Գրագէտի մը յիշատակը յարգելը զինք ընթերցելով կ’ըլլայ”:
    …Աչքերուս մէջ ինչ կը տեսնես՝ արցունքներ չեն
    այլ Պայծառակերպութիւնը ցաւիս:

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.