Սագօ Արեան | ԳԱՐՇԱՀՈՏԷՆ ՀԱՆԵԼ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Բացատրական բառարարին պէս, հոն է դարակներունէն վրան: Նիկողոս Սարաֆեան. այն հազուագիւտ մեծերէն մին, որմէ երբեք չեմ կրցած հրաժարիլ: Ու ամէնէն դժուար պահերուն. երբ մարդու քար սիրտը ջուր կը դառնայ, երբ կուզես ալ չխօսիլ, չտեսնել, չնշմարել ու լռութեանդ բեհեզը նետել ուսերուդ, վարագուրուիլ, ներս մտնել քիչ մը, սանկ պարսկական մուղամ լսելու… կը դիմես անոր: Սարաֆեան ուսուցիչ է, հեռուին մէջ բնակող վարժապետդ է ան, ու անոր կրնաս դմել միայն. Երբ մտքերդ պղտորին, եւ ուղեղի սլաքներդ, վեր վար ընեն տուեալ նիւթի մը, գրական իրադարձութեան մը, կամ ոճի մը դիմաց…
Կը դիմաւորենք Յունուարը, անոր առաջին անձրեւի կաթիլները կը լուան մեր ալ արտեւանքները, կը լուան արքայական հողը, կը լուան նաեւ սպասումներդ երկրէն: Կը վերադառնաս անոր Նիկողոս Սարաֆեանին, ատենօք ուրիշ քերթող մըն էր գրած իր մասին, հին այցելու մտերմութեան մը մասին: Մենք բոլորս իր համակիրներն ենք, զինուորեալները, տեղ-տեղ ինկած, սփռուած սփիւռքին պէս, մեր տխուր, անոպայ ու հոտած կղզիներուն վրայ կուզենք լուալ մեր գուլպաները, կուզենք արեւ խմել գինիի փոխարէն, որ չըսեն որ տղաքը գինով էին արդէն երբ գրեցին այս տողերը:
…..
Ի՜նչ ոխ եւ ինչ պայքարելու տրամադրութիւն, երբ հոգնած ներբաններով մուտք կը գործեմ առանձնութեան խորունկին մէջ: Կռահելով որ կրնան տեղ մը ջնջել մեր անունները, կրնան գրածներս այրել ու նետել սեւ ասֆալդին…: Մենք անունի համար չենք գրեր: Գիտեմ դժուար են ժամանակնները, բայց թերեւս գրականութեան վաղուան համար կը գրենք: Վաղուան ցանքի առաջին սերմերը այսօր է որ հողին կուտանք: Կը հաւատամ որ շղթայ է մեր կեանքը, եւ այսօր պակասաւոր օղակները կապելու համար կը գրենք:
Այս այլացումը ճանապարհին սկիզբն է: Երբ բոլորս քիչ-քիչ կ’ապրինք այդ օտարումը մեր ժամանակին մէջ:
Ո՞վ է որ պիտի խնդայ մներ քթին, ո՞վ է որ պիտի չարախնդայ մեր քթին ու ըսէ որ գիրքի տարուան առիթով մենք ձեր հատորները տուինք լոյսին ու արդուկեցինք ձեր բանաստեղծութիւնները, ծալլեցինք ձեր երազները ու խոշոր սեւ վալիզին մէջ պահեցինք…
Մենք այսօր ալ կ’ապրինք այդ աքսորը…
Աքսոր, երկար անաւարտ ճանապարհ, կիսամութ ճամբայ: Անարեւ արցունք եւ սպասկոտ կայաններ շէնշող պարտէզին մէջ որ մեր եսի, մեր էութեան, մեր ինթէլէքթի պարտէզն է:
Ո՞ւր է սերունդը եւ ո՞ւր ենք մենք այդ սերունդէն…
Մեր ձայնը աղաղակ պիտի դառնայ որպէսզի լեցուին դատարկ կարասները աղօթքի ուժանակներով:
……
Քանի-քանի մայրեր կը խօսին բացուած վէրքերուն մասին, ճիշդ այդ կնոջ պէս որ սեւազգեստ էր, տեղ հասաւ որպէսզի հիւանդի մը այցելութեան համար տուփ մը տուրմ գնէ…
Վաճառողին աչքերուն նայեցայ- ըսաւ՝ հա թրքական է.
Կինը բղաւեց, փոքրացան անոր աչքերը, կլորցան ու վշտահարուած լռեց.
-Մոռցէք,- ըսի,- տիկին, մոռցէք ամէն ինչ: Հարիւր տարի անցեր է արդէն, մոռցէք…
-Հազար տարի ալ անցնի, չեմ մոռնար,- պատասխանեց…
Երեսիս թքնել ուզելով սանկ պաղ ու խոնաւ հայացք մը նետեց ու հեռացաւ:
Մնացինք երեքս ես վաճառողը զարմացած ու թրքական տուրմի տուփը:
……
Նորութիւն չէր իմ համար, ատելութեան այն եղանակը որուն ետին պիտի պահուըտին այս եւ ուրիշ գաղութներու բոլոր բոլորանուէր գրող-չգրողները:
Մասունքի կը վերածենք ատելութիւնը, մասունքի կը վերածենք ցեղասպանութեան դիակը ու կուզենք աշխարհին խօսիլ, նեխած դիակներու լեզուով.
Կուզենք բանտուիլ ատելութեան սեւ մոխրապատ աղաւնիին մէջ, կուզենք սեւ աղաւնի դառնալ, որուն վիշտը մեծ է եւ տխրութիւնը անսհամանելի:
Մինչեւ ե՞րբ սակայն . Մինչեւ ե՞րբ պիտի պահուըտինք տխրութեան սեւ թաւիշի ետին, մինչեւ ե՞րբ մենք զմեզ որպէս զոհ պիտի ծախենք աշխարհին:
Մինչեւ ե՞րբ պիտի կարողանաք ստել նոյնիսկ մեր ցաւին մէջ:
Աշխարհը կուշտ է գնելու բան չունի մեզմէ:
Մենք լաւ վաճառողներ չենք, մենք մեր վսեմութեանը ու մաքրուր պարզութեանը կողքին բռնուած են ծանր հիւանդութիւնէ որուն պատճառով կը բռնաբարենք յաճախ մեր անունները…
…..
Սարաֆեան կը գրէ որ մենք վարժ ենք պահուըտիլ սուգին ու անոր անիւներու ետին:
Ի՜նչ հէգ ենք մենք:
Մինչեւ ե՞րբ պիտի դառնանք զոհը մեր դահիճին:
Մինչեւ ե՞րբ պիտի թողենք որ դահիճը կրծէ մեր ոգին:
Մենք ատելութեան համար չենք գրելու:
Պիտի կոտրին բոլոր անոնց մատները որոնք գրականութիւնը կը փորձեն վերածել թոյն ներկարկելու հանդիսզավայրերու…
Եթէ գրողը նոր ըսելիք չունի, աւելի կարեւոր է անոր լռութիւնը:
Ինչ սուտ պատկերներ նկարել օդին մէջ եւ ըսել որ մենք աշխարհին պիտի յաղթենք, պիտի գրաւենք աշխարհը , առանց սակայն նկատելու որ մենք մեր տունը պահելու ի վիճակի չենք:
Ի վիճակի չենք փոխելու մեր շապիկը, մեր դէմքը արծաթասեւ եւ մեր անունը վէրքոտ:
Մեզի տրուած ամէն առիթ նետած ենք դրան ետին, ու փորձած ենք լալ աշխարհին առջեւ:
Մեր մէջ գտած են պուպրիկ մը, մեզի վերածած են ծակ գուլպաներով խամաճիկի…
Ո՞ր գրողը մեր մէջ, ոտքի ելաւ պոռալու աշխարհին որ հերիք է…. Մենք խամաճիկներ չենք:
Մենք տաք ջուրերու, նաւթի եւ պղինձի խամաճիկները չենք:
Տաշուած քարեր, տաղ եւ Խաչ յարիր են մեր անունին:
Մեզի սակայն պակսողը արձակն է, արձակուած բառը որ պիտի շարէ մեր ոգեղէն ամրոցի տաշուած քարերը մէկ առ մէկ:
Մենք պիտի կանգնինք այդ վէմին վրայ.
Ըսելու համար որ մենք, այո մենք պատմութեան խենթ ու լալկան, պատառոտած շորերով սեւազգեստ խամաճիկը չենք…
Աւելին, մենք կը զզուինք խամաճիկներէն…
Այն ատեն պիտի հասկնանք միայն որ գրականութիւնը վսեմներուն համար է: Ոչ ատելութիւն, ոչ քէն եւ ոչ ալ լալկանութեան վայր է՝ գրականութիւնը:
Ժամանակը չէ որ մեռելները որ մեր մէջն են հանենք այլեւս: Մեր մարմինը, Սփիւռքի մարմինը մեռել կը հոտի…
Ես կը զզուիմ այդ գարշահոտէն.
Մենք կը զզուինք այդ գարշահոտէն:
Սարաֆեան իր ՝«Մեր Գրականութեան թշնամիները» յօդուածին մէջ ի միջի այլոց կ’ըսէ՝ «Իրական պիտի ըլլար հայրենասիրութիւնը այն ատեն միայն՝ երբ ան տառապէր ինչպէս կը տառապին սիրելի հիւանդի մը քով, առանց մեծ լաւատեսութեան, առանց անոր մահը արագացնելու ոճրագործութեան: Հայրենասէրը պիտի դողար իր ազգին մէն մի վայրկեանին վրայ, որպէսզի մասնիկ մը անգամ չկորսուի անկէ:»
Մենք եթէ կարողանանք, ցաւի դիակը հանել մեր մէջէն, այն ատեն կը յաջողինք գրականութիւն ստեղծել. Եթէ կը հաւատանք որ կը գրենք ոչ թէ մեր, այլ ամբողջ մարդկութեան համար:

1 մեկնաբանություն

  1. Ապրես, Սաքո ջան, որ ուշադրություն ես սեւեռում մեր գրականության ցավոտ հարցերից մի քանիսի վրա, թեպետ դրանք քանիցս արծարծվել են, եւ, դժբախտաբար, դեռ երկար պիտի մեր հոգեւոր ճշմարտությունները պաշտպանենք: Գովում եմ քո լուսավոր ջանքերը:
    Գրիր ինձ իմեկով, կարեւոր հարց ունենք քննարկելու:

Թողնել պատասխան Հրանտ Ալեքսանյան-ի համար Չեղարկել պատասխանը

Ձեր էլեկտրոնային հասցեն չի հրապարակվի