Լոյս տեսաւ իսթանպուլահայ բանաստեղծուհի Լեռնա Գարագիւթիւքի բանաստեղծութեանց երկրորդ հատորը՝ «ԱՆ Է ՈՐ ԿԱՅ» (Իսթանպուլ, 2019), ՀԱՅԵՐԷՆ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐի իբրեւ չորրորդ հատոր (թիւ 4), որմէ ստորեւ կը ներկայացնենք քերթուածներու փունջ մը։Հատորը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ ՀԱՅԵՐԷՆ BLOGի վրայ, ուր առաջին անգամ լոյս տեսած են քերթուածները:
ՍՐԲԵԼ ԱՆԿԱՐԵԼԻ
հետքեր…
ո՞ւր,
կոխած, կոխկռտուած
քարի՞ն
թէ աւազին վրայ.
հետքերը չեն մնար
անտես, աննշմար. ինչպէ՞ս.
աւազախրումի ենթակայ.
ալիքներու
կամ հովու քշումով,
հետքեր տարտղնած.
ո՞ւր են հիմա.
եթէ ոչ շա՜տ ժամանակ առաջ,
պատմութեան մէջ արձանագրուած,
բիւրեղեայ քարերու փայլերը
հետքեր չեն ձգած
սպիտակ պատերուն վրայ.
շարժէ՛, ցրուէ՛ նշոյլները,
տարածուին հետքեր աջ ու ձախ,
սրբուին, դատապարտուին մոռացումի.
սա հետքերը, հետքեր… անտեսանելի
որոնք… կան.
կռնակիդ վրայ։
ԻՄ ՔԱՂԱՔ
քաղա՛քը…
յուշի՜կ-յուշիկ կը հեռանայ
ինձմէ, իմ քայլերուս ուղղութեամբ.
վարդագոյն-սեւ նշոյլներ
հեռո՜ւն կ’առկայծին,
թէեւ կապոյտ, թէեւ կանաչ
փոխանցումը երփներանգ…
օրն ի բուն ասֆալթը կ’ապրի. տաքուն,
փոշիին, կուպրին հոտը ռունգերուս՝
կը քալեմ պողոտաներու աջ ու ձախ
երթեւեկին մէջ դողդոջուն.
մայթեր կրունկաւոր կօշիկներու
թփռտուքին ներքեւ
զուարճութեան ծիծաղ կը բարձրացնեն,
եւ ներբաններու հեւքը անոնց վրայէն
շոյանքով կ’անցնի…
այս քաղաքը՝ հսկայ շրջանակ,
կուլ տալու պատրաստ,
աչք կը քթթէ սիրելիներուն.
անոնք՝ գինով
թեւ թեւի
իրարու փարած կամ անջատ
կը ցատկռտեն, շղարշով
ծածկուած գիշերներուն մէջ.
դո՛ւն, իմ սիրած քաղաք,
քայլերս քեզմէ հեռու՝
լուսաւոր նորէն…
նորէ՜ն, ետ տանելու.
դո՛ւն, ինծի որքա՜ն մօտ
ես հիմա քեզմէ այնքա՜ն հեռու.
եւ երկինքէն իյնալու պատրաստ
աղաւնեակի սպիտակ փետուր մը…
ՃՐԱԳԸ ԿԸ ՀԵՒԱՅ
Մրրկածուփ ալիքներ կը հարուածէին ծովափը,
կը բարձրանային ու կը հանգչէին ետ մղուելով,
աւազներու սահանք մը
աներեւոյթ զօրութեամբ.
կեցայ հոն:
Յանկարծ սկսաւ տարուբերիլ
ոտքերուս տակ ցամաքը
եւ սահեցաւ դէպի ջուր:
Ձեռք մը գրկեց զիս,
ամուր փարեցաւ անդամներուս․
շունչի մը հարուածին էի կարօտ:
Ցամաք ելայ. ցամքած՝
ոչ մէկ ջուրի կաթիլ:
Շուրջն էր անձայն,
շուրջն էր հեռու իմ շուրջէս:
Միայն բոց մը կը պլպլար շէկ
եւ ժամ առ ժամ
կը նուաղէր ու մութը կը պոռթկար:
Թող ծածկուի խաւարով
պլպլացող ճրագն ալ ամենեւին.
անշէջ լոյսի ծուէնները
հատնին պատրոյգով անշունչ․
ահա՛, ճրագն ալ կը հեւայ:
Հեւասպառ մարդուն խոնջած
կողերուն մէջ
պիտի հատնիմ շիթ առ շիթ.
արցունքս պիտի մաղեմ
եւ պիտի մնայ ոչ մէկ ջուրի կաթիլ.
ցամքած ցամաքին վրայ:
Ձգէ՛, ձգէ՛, ճրագը թող քնանայ:
Օրը պիտի լուսնայ:
Վերջին մեկնաբանություններ