Սարգիս Վահագն | ԽՆՁՈՐԸ

ՁՄԵՌ

Ձմեռը ուշացաւ այդ տարի: Բայց երբ եկաւ, եկաւ բո՛ւռն թափով: Շեղբի պէս սուր հովին հետ ցուրտը յանկարծ իջաւ դէմի լեռներէն: Ձիւնը նստաւ մէկ անգամէն, թանձր ու փափուկ եւ ծածկեց տուն ու այգի, արտ ու ճամբայ:
Մարգար Ամմոյին ալ գլխուն ամբողջովին նստաւ ձիւնը, այն միւս տեսակի ձիւնը, որ ետ երթալ չի գիտեր: Ան արդէն սկսեր էր գալ տարիներ առաջ, տոտիկ-տոտիկ, գաղտագողի քայլերով: Սպիտակը յայտնուեր էր նախ քունքերուն վրայ, ապա, տարիներ տեւող ուղեւորութեամբ մագլցեր էր վեր: Իսկ այդ տարի, տեղացող առաջին ձիւներուն հետ, ան հասեր էր իր ուղեւորութեան լրումին:
Այդ օր ոչ ոք անդրադարձաւ փոփոխութեան. ո՛չ կինը, ո՛չ երկու աղջիկները եւ ո՛չ ալ տղան: Դուրսի համատարած սպիտակութեան մէջ աննշմար մնաց Մարգար Ամմոյի ամբողջութեամբ ճերմկած գլուխը:
Մարգար Ամմօն ինք ալ չանդրադարձաւ: Երբ լոյսը բացուած՝ ոտքի ելաւ ան ու պատուհանէն տեսաւ դուրսի ձիւնը, յուզուեցաւ մէկէն:
Դուրսը, բակին մէջ տղան ու աղջիկները մանկացեր էին արդէն. ձիւնէ գնդակներ կը սուրային օդին մէջ: Տղան, կուրծքը հերոսաբար բաց, ձիւնէ հարուածներով նեղը կը դնէր աղջիկները, որոնք կը ճչային հաճոյքով: Մարթան, փոքրը, զինք տեսնելով բաժնուեցաւ միւսներէն եւ աչքերուն մէջ բոց ու ժպիտ, մօտեցաւ իրեն:
— Բարի լո՜յս… պապօ՛…Տե՜ս, իջեր ու թիզուեր է սիրած ձիւնդ:
— Գալուստը շա՛տ բարի: Միայն թէ դուն, այդպէս գիշերանոցով պիտի մսիս ու հիւանդանաս աղջիկս:
— Մսիլը ո՞ րն է, վազենք կոր, դուն եւս միացիր մեզի ե ազատէ մեզ սա հերոսի ձեռքէն:
— Չէ աղջիկս, չէ՛, իմ գործս չէ ձեր այդ խաղը: Լաւ կ՛ըլլլայ որ ես պահ մը պարտէզ մտնեմ ու տեսնեմ ծառերը ի՞նչ վիճակի մէջ են:
Ու հրեց, բացաւ պարտէզին երկաթէ դուռը: Կինը կ՛երեւի խոհանոցէն լսեց դրան ճռոցը եւ ձայն տուաւ.
— Խահուէդ չառած ո՞ւր կ՛երթաս, ա՛յ մարդ:
Ինք չլսելու տուաւ: Մտաւ պարտէզ: Մտաւ՝ ու շլացաւ մէկէն. շունչը բռնած կեցաւ: Համատարած ձիւնը կը պսպղար արեւին տակ, այնպէ՜ս մաքուր ու ջինջ, այնպէ՜ս խաղաղ, որ ինք պահ մը վախցաւ քալելէ: Կռթնեցաւ դրան երկաթներուն եւ կուշտ ու կուռ դիտեց եւ ըմբոշխնեց տեսարանը: Ձիւնին դիմաց յիշեց կեանքին առաջին առաւօտը: Աւելի ճիշդը՝ մօր յաճախ պատմածը այդ մասին: — Ամբողջ գիշերը, դուրսը, ձիւնամրրիկն էր ոռնացեր, մինչ մայրը գալարուեր էր երկունքի ցաւերով: Առաւօտուն սակայն, սպիտակ անհուն խաղաղութեան մէջ, բարձրացեր էր իր առաջին ճիչը: —
Վանելու համար հետզհետէ կուտակուող յուզումը, ինք սկսաւ քալել: Հասակը ցից էր տակաւին ու հաստատ եւ ծանր քայլերուն տակ ձիւնը կը ճռար ու կը հեւար կարծես: Խնձորենիներու ճիւղերէն նստած ձիւնի փաթիլները կ՛իյնային հեզ ու լռին փափկութեամբ:
Այդպէս արագ, քալեց մինչեւ պարտէզին ծայրամասը: Հոն, գիշերուայ հովէն քանի մը կոտրած ճիւղեր գտաւ: Վնասը ոչինչ բան էր: Հանգստացաւ մտավախութիւնը: Այն ատեն, մէկիկ-մէկիկ մօտեցաւ ծառերուն, շօշափեց, գգուեց ու զննեց ճիւղերը: Կարծես ափերովը ուզեց ջերմացնել անոնց մսած մարմինները: Ու յոգնած, նստաւ քարի մը վրայ: Ծխախոտ մը վառեց եւ սկսաւ բաւարարութեամբ ծխել:
…Հոս ամէն ինչ, հողն ու ցանկապատը, տունն ու ծառերը իր ձեռքերուն եւ քրտինքին արգասիքն էին: Տասը տարի առաջ երբ գնեց այս հողերը, հոն ո՛չ տուն կար եւ ոչ ալ պարտէզ: Շթորա գիւղի ելքին, պարզ արօտավայր մըն էր այդ հողաշերտը: Ինք ընտրեց այս տարածքը որովհետեւ առուակ մը կ՛անցնէր անոր մէջէն եւ հողը փխրուն էր , իսկ ձմռան ալ , քանի մը շաբաթներ ձիւնը կը նստէր հոն: Գիտեր, ձիւնին հալքէն դանդաղօրէն ջուր ծծած հողը շատ աւելի արգաւանդ կ՛ըլլար: Այս բոլորը այնքան համապատասխանող էին իր տարիներու ձիւնի, ծառ-ծաղիկի երազանքին: Ինչ փոյթ թէ ատոր համար հարկ եղաւ զոհել երեսուն տարիներու ամբողջ խնայողութիւնը զոր շահեր էր տաժանալից աշխատանքով, որպէս բեռնատար ինքնաշարժի վարիչ, Ճեզիրէի սուրիական անապատներուն ճանապարհները չափչփելով: Թէեւ շահածը գոհացուցիչ էր, բայց փոխարէն ունեցածը շան կեանք էր: Օրերով տունէն դուրս կը մնար, յաճախ գիշերելով մեքենային կամ կեղտոտ օթեւաններու մէջ, կնոջը եւ զաւակներուն կարօտով կը հատնէր: Կը զգար որ ճամբաներուն կեղտն ու փոշին, մեքենաներուն մուրն ու աղմուկը հը վայրենացնէին իր հոգին:
Երբ խնայողութիւնները հասան կոկիկ, մատչելի գումարի մը, ծախեց բեռնատար մեքենան եւ եկաւ Շթորա: Վաղուց աչքին զարկած այս հողաշերտը գնեց: Անմիջապէս ձեռնարկեց տան շինութեան: Յետոյ, հողին բոլորտիքը պատ քաշեց ապահով: Մեծ բաներ չէին երկրագործական իր գիտելիքները, բայց հողը այնքան բերրի էր եւ ջուրն ալ նոյնքան առատ՝ որ գետնախնձորի, սոխի եւ բանջարեղէնի առաջին հունձքն իսկ եղաւ գոհացուցիչ: Քանի մը տարիէն երբ սկսաւ հասկնալ հողի լեզուէն, մեղքցաւ հողին: Հոն կարելի էր հրաշք մրգաստան աճեցնել: Այդ ուղղութեամբ բաւական դժուար եղաւ համոզել կինն ու տղան, որոնք կը նախընտրէին մայրուղիին վրայ կաթ-մածունի եւ նպարեղէնի վաճառատուն մը բանալ: Իր պնդումին վրայ տեղի տուին, երբ ականատես եղան նոյն գիւղի պարտիզպաններուն խնձորներու սնտուկներով լեցուն բեռնատարներու անցքը դէպի քաղաք: Այսինքն մեծ շահոյթի խայծը: Իսկութեան մէջ Մարգար Ամմոյին համար բնաւ կարեւորութիւն չունէր այդ խայծը: Իր հայրենի գիւղի մրգաստաններուն կարօտն էր որ կը հալածէր զինք: Իր հայրն ու պապը, Երկրին մէջ, պարտիզպաններ եղած էին, խաղողի եւ խնձորի մշակներ: Կը յիշէր մանաւանդ, թէ ինչպէս հայրը, միշտ առաջին հունձքէն կը զատէր ամենայ կարմրորակ խնձորներէն մի քանի հատ, որպէսզի ինք տանէր մօրը, զանոնք տան սնտուկներուն եւ պողջաներուն մէջ պահ դնելու համար: Անոնցանմահական բուրմունքը տակաւին ռնգունքներուն մէջն էր:
Ուրեմն, հինգ տարի առաջ, սոխի եւ բանջարեղէնի վաստակով խնձորենիի հինգ հարիւր շաքիլներ գնեց ու տնկեց հողաշերտին վրայ: Նոր սէր մը պարտադրեց տան մէջ. հինգ տարիներ ապրեցան, յուզուեցան եւ երազեցին այդ շաքիլներով: Գուրգուրոտ խնամքով, փորփրեցին, դեղեցին, շունչ ու ջերմութիւն ջամբելով խնձորենիներու վերածեցին շաքիլները: Ու երբ անցեալ տարի խնձորենիները տուին իրենց երախայրիքը, ինչ փոյթ թէ տակաւին չնչին չափով, յոյսը ծաղկեցաւ իրենց տան մէջ նոր բռնկումով եւ Մարգար Ամմոյին պեխերուն տակ ծլած փոքր բայց տեւական գոհունակութեան ժպիտով: Նոր ոյժ եւ եռանդ կար շարժումներուն մէջ: Թէեւ ունեցած պահեստի գումարը հալելու վրայ էր, բայց ա՛լ վստահ էր, այդ տարի պիտի ունենար առաջին առատ բերքը:
… Սթափեցաւ, երբ սպառած ծխախոտի գլանիկը այրեց մատները: Ծռեցաւ, աշխոյժով ափերուն մէջ ձիւն առաւ եւ սկսաւ շփել ափերուն մէջ եւ ապա քսեց այտերուն ու ճակատին: Նոյնիսկ, կերաւ մաս մը ձիւնէն: Ու քալեց դէպի տուն: Ձիւնը կ՛երգէր ոտքերուն տակ:
Տան մէջ արդէն բոլորը նստեր էին նախաճաշի: Ինք ալ նստաւ: Կինը բերաւ խոշոր գաւաթով սուրճը: Սկսաւ խմել աղմուկով, շրթները գրեթէ այրելով: Ու այդպէս, գլուխը խոնարհած, տակաւին կ՛երազէր խնձորներու մասին, երբ փոքր աղջիկը, Մարթան, զինք գրկեց ետեւէն ու ակնկալուած խնդրանքի մը փոխարէն, պայթեցաւ բացագանչութիւնը.
-Օ՜, պապօ՛, մազե՜րդ… մազերուդ մէջ սեւ չէ՛ մնացեր…մազերուդ վրայ ա՛լ իջեր է սիրած ձիւնդ…
Ոչ ո՞ք անդրադարձաւ Մարթայի խոսքերուն, թէ այդպէ՛ս ձեւացուցին եւ մնացին լուռ: Իսկ այդ լռութեան մէջ կծկուեցաւ Մարգար Ամմոյին սիրտը:
Քիչ յետոյ, ածիլուելու պատրուակով երբ ան անցաւ խոհանոց եւ կանգնեցաւ հայելիին առջեւ, հաստատումը ըրաւ աղջկան խոսքերուն. ո՛չ մէկ մազի սեւ թել մնացեր էր գլխուն վրայ: Իր պաշտած, երազած ձիւնին փոխարէն, տիրական նստեր էր այն միւսը որ ա՛լ մեկնիլ չի գիտեր:

ԳԱՐՈՒՆ
Գարունը Հրանուշինն է: Ճիշդ է թէ գարունը չսիրող մարդ չկայ, բայց Հրանուշին սէրը տարբեր է: Պաշտամունքի հասնող ապրում մըն է անիկա: Մայրը, Տիկին Իւղաբերը իրաւունք ունի զինք ծաղիկի նմանցնելու: Հրանուշ ծաղիկի մը պէս կը բացուի գարնան, կը գեղեցկանայ, կը լիանայ:
Ճիշդ ատոր համար, անհամբեր հատնումով ան կը սպասէր գարնան: Օրեր առաջ, երբ յամեցող ցուրտը խայթող ասեղներ ունէր տակաւին եւ միալար տեղացող անձրեւը համանուագ մը գորշ՝ ան զգաց անորոշ խռովք մը արիւնին մէջ եւ ռնգունքները լայնցան բուրմունքներու նոր ընկալումով: Ա՛լ վստահ էր. շուտով պիտի բացուէր իր քսաներորդ գարունը:
Առաջին օրէն պտուկ կապեցին պատուհանին տակ թաղարուած վարդենիները: Ան օրը օրին կը հետեւէր թէ ինչպէս կ՛ուռէին այդ պտուկները: Ու առտու մըն ալ պայթած գտաւ պտուկները: Մութ կարմիր կոկոններ ցօղէ աչուկներով կը ժպտէին տակաւին մսկոտ արեւին: Հրանուշ իրար անցաւ: Նախ դէպի տուն վազքի շարժում մը ունեցաւ, բայց նոր մտածում մը փոխեց վազքի ուղղութիւնը դէպի պարտէզ: Հազիւ երկաթէ դուռը բացած, մնաց զմայլած ու ապշած. սպիտակ, պսպղուն թիթեռնիկներ հազարներով թառեր էին խնձորենիներուն վրայ: Շունչը բռնած, ան վազեց դէպի տուն, աղմկելով, ծափ տալով մոտեցաւ հօր մահճակալին:
— Ծաղկեր են, պապօ՛, տեսնես ինչպէ՜ս ծաղկեր են…ճիշդ ու ճիշդ թիթեռնիկներու պէս:
Ու ինք ալ թիթեռնիկ դարձած սկսաւ պարել, թեւածել վերացած, գիշերանոցին թեզանիքները օդով լեցուցած:
Մարգար Ամմօն ընդոստ քունէն արթնցած, շլմորած, վախցած, չէր կրնար տակաւին ըմբռնել աղջկան խելացնոր վարմունքը:
Հրանո՛ւշ, աղջիկս, ի՞նչ ունիս… ի՞նչ եղաւ քեզի…
Հօր վախին դիմաց աղջիկը կարկամեցաւ մէկէն, հանդարտեցաւ, եկաւ նստաւ մահճակալի եզրին ու արցունքները սկսան իջնել շողացող աչքերէն:
— Ես բան չունի՛մ, պապօ… խնձորենինե՜րը… խնձորենիները ծաղկե՜ր են…
Հիմա պարտէզն էին բոլորը:
Մարգար Ամմօն չէր կրնար հաւատալ աչքերուն. մէկ գիշերուայ մէջ ծաղկեր էին բոլոր ծառերը: Սպիտակ, նրբին ծաղիկներ էին, շաղէ աչուկներով: Ա՛լ կասկած չկար. բերքը հարուստ պիտի ըլլար: Միայն թէ կարկուտի չհանդիպեր մինջեւ պտղում: Բարեբախտաբար, կասկապոյտ էր երկինքը եւ ծագող արեւն ալ՝ ջերմացնող:
Ա՛լ գարուն էր:
Եւ գարունը նստեր էր բոլորի դէմքերուն: Միայն Յարութն էր որ եղանակ չունէր դէմքին: Այլ, գործնական անհամբերութիւն մը կար ձայնին մէջ:
— Սնտուկներուն հարցը հիմակուընէ կարգադրելու ենք, պա՛պ: Ի՞նչ կ՛ըսես, մենք մեր ձեռքերով չպատրաստե՞նք սնտուկները… այդպէսով բաւական դրամ խնայած կ՛ըլլանք:
Մարգար Ամմօն երանութեան մէջ էր: Սնտուկներուն համար չէր: Անոնց պատրաստման գումարը արդէն մէկ կողմ դրեր էր: Այլ՝ Յարութին համար էր. տարիներով սպասածը այս պա՛հն էր. տղան վերջապէս սկսեր էր կապուիլ պարտէզին ու ծառերուն, մոռնալով նպարատունի իր երազանքը: Շատ լաւ նշան էր այս հոգեփոխութիւնը: Պէտք էր քաջալերէր:
Շաբաթ չանցած, տունն ու բակը նոր աղմուկով, նոր եռուզեռով կենդանացան: Աղմուկը կու գար ելեկտրական փոքր սղոցէն, զոր հայր ու տղայ գացեր վարձքով բերեր էին քաղաքէն: Ու հիմա, հարիւրաւոր փեթակներու բզզոցով ան կը թրթռացնէր տան երբեմնի անդորրութիւնը: Իսկ նոր եռուզեռը Սեդրակն էր, քաղաքէն բերուած երիտասարդ ատաղձագործը, որ ռազմաճակատ մը վարող հրամանատարի մը պէս կը ղեկավարէր սնտուկներուն շինութիւնը: Ինչպէս հարկն էր, սղոցին առջեւն էր ան՝ ջլապինդ եւ ինքնավստահ, շրթներուն միշտ երգի սուլոց մը: Ան արթուն եւ ճկուն ձեռքերով կը սղոցէր տախտակները եւ աչալուրջ կը հետեւէր նորեկ աշակերտներու աշխատանքին: Նորեկները Յարութն էր, Հրանոյշը եւ Մարթան: Գամով լեցուն գրպաններով գոգնոցներ կապած, անոնք օրն ի բուն կը գամէին Սեդրակին պատրաստած, ձեւած տախտակները: Եւ պատրաստուած սնտուկներուն բուրգերը կը բարձրանային հետզհետէ:
Առաջին օրերը, աղջիկներուն ափերը ուռեցան, ջուր կապեցին: Մարթան, մօրը օգնելու պատրուակով յաճախ փախուստ տուաւ: Բայց Հրանոյշ տեղի չտուաւ: Ամչցաւ օտար երիտասարդին առջեւ տկար երեւնալէ: Իր թազկահը լարեր էին Սեդրակի սղոցին մօտիկը: Այնպէս որ, մեքենային բզզիւնը թմրութիւն կը բերէր մարմնին, մինչ վարարած գարունը կը խռովէր հոգին: Ասկից, յաճախ կը մոռնար ափեերուն կոտտանքը, կը մոռնար ձեռքի մուրճն ու շուրջի եռուզեռը, ամէ՛ն ինչ: Աչքերը հեռուն, բարտիներուն սեւեռած, կ՛երազէր:
Երազէ վերադարձի մըն էր որ իր վրայ սեւեռուած գտաւ Սեդրակին ժպտուն նայուածքը: Յանցանքի վրայ բռնուածի պէս, ինք խոնարհեցուց աչքերը: Սկսաւ գամել արագ արագ, խուճապահա՛ր: Ու մէկէն ճիչ մը: Առաջին հասնողը Սեդրակը եղաւ: Առանց այլեւայլի բռնեց Հրանոյշին ձեռքը եւ սկսաւ շփել վիրաւոր մատը որ արդէն սկսեր էր կապուտնալ: Ինք ցաւը մոռցած, զգաց տղուն ափերուն ոյժը եւ ջերմութիւնը: Շիկնեցաւ մէկէն եւ փորձեց ազատել ձեռքը: Բայց տղան իր դաստակէն ամուր բռնած, կը շարունակէր մարձումը: Ա՛լ հլու հնազանդ համակերպեցաւ եւ խմեց անոր երկարած գաւաթ մը ջուրը: Ջուրին հետ զգաց թէ կ՛ըմբոշխնէր նաեւ տարօրինակ հաճոյք մըն ալ: Ատկից վախցած, խուճապահար փախաւ տուն:
Բարեբախտաբար յաջորդ օրը Կիրակի էր: Ծնողքը տեսնելու համար Սեդրակ Շաբաթ օրուընէ քաղաք մեկներ էր: Այնպէս որ Հրանոյշ պաղարիւնութեամբ կրեց Մարթային եւ Յարութին կճոցները:
— Մուրճը մասնաւո՛ր ձեռքիդ զարկիր որ ա՛լ չաշխատիս, չէ՞,- կ՛ըսէր եղբայրը:
— Ի՞նչ չաշխատիլ,- կը դիմադարձէր Մարթա,- չե՞ս տեսներ որ հոգի կու տայ մեր օրիորդը աշխատելու համար: Մասնաւոր ըրաւ որ Սեդրակը ձեռքը բռնէ: Եթէ մեր ներկայութիւնը չըլլար, հաւանաբար իրարու գիրկ պիտի իյնային:
— Մարթա՛, Մարթա՛ փրթի օձի լեզուդ,- կը միջամտէր մայրը:
Իսկ Մարգար Ամմօն կը լռէր, պեխերուն տակ թաքուն ժպիտ մը ծամծմելով: Ինք ալ կոյր չէր. քանի մը անգամ տեսեր էր Սեդրակին նայուածքը աղջկան վրայ, եւ աղջկան շիկնումը: Ու ինք դժգոհ չէր ատկից: Շուրջը բռնկած գարնան ու ծաղկած խնձորենիներուն քով կարծես զգացեր էր բաց մը: Հրանոյշին արթնցող կանացիութիւնն ու շիկնումը կը լեցնէին այդ բացը: Ծլարձակուող այդ սէրը իր մէջ կ՛արթնցնէր նաեւ վաղուց մոռցուած յիշատակներ ու զգայնութիւններ՝ այն հին օրերու մասին, երբ ինք ալ կենճ էր, եւ մէկ ձեռքով կրնար ճմլել խոշոր նուռ մը: Տորք Անգեղի մը պէս կ՛անցնէր արաբական այն գիւղաքաղաքին փողոցներէն: Երբ հեռուէն կը տեսնէր կերպարանքը իր սիրած աղջկան, լայն իր կուրծքին տակ կը կծկուէր սիրտը, կը ճմլուէր այն նուռին պէս: Հէ՜յ կիտի օրեր էին, եւ ինչքա՜ն շուտ անցան: Սիրած աղջիկը իր կինը դարձաւ, ապա՝ զաւակներուն մայրը: Զաւակները ահա՛ մեծցան եւ իրենք ծերացան: Իսկ հիմա ալ սիրոյ ծաղիկը կը բացուէր աղջկան սրտին մէջ ու կ՛անուշցնէր իրենց ծերութեան օրերը: Հրաշք չէր ի՞նչ էր ասիկա: Անոր դէմ ինք չէր որ պատուար պիտի կանգնեցնէր: Ընդհակառակը, բանար պիտի բոլոր ածուները, մաքրեր քարերն ու արգելքները, որպէսզի սիրոյ զուլալ ջուրը գլգլար ու հոսէր:
Կինը սակայն պահ մը եկաւ լռեցնելու այդ կարկաչը: Սրդողած էր ան, երբ ուշ գիշերին մտաւ ամուսինին անկողինը: Յարձակողականի անցաւ անմիջապէս.
— Ա՛յ մարդ, ինչո՞ւ քարի պէս լուռ մնացիր ամբողջ օրը: Այդ լակոտները խեղճ աղջկան հոգին հանեցին: Սաստէիր, բան մը ընէիր:
-Ի՞նչ ընէի:
— Ինչ գիտնամ, հայր ես, շուքովդ վախցնէիր: Չըսուելիք բաներ ըսին:
— Ի՞նչը չըսուելիք էր:
— Օ՜ֆ դուն ալ, անհասկցող դարձեր ես:
Մարեցին լոյսը: Լռութիւնը կախուեցաւ մութին մէջ: Բայց չկրցան քնանալ. ամէն բան չէր ըսուած:
— Ա՛յ մարդ, ի՞նչ կը խորհիս, գէշ տղայ չ՛երեւիր այդ Սեդրակը:
— Լա՛ւ տղայ է:
— Ինչէ՞ն գիտես:
— Աշխատելու ձեւէ՛ն:
Դարձեալ լռութիւն: Յետոյ կրկին՝
— Այ մարդ, միայն ծառերու եւ խնձորներու մասին մտածելը հերիք չէ՛: Հրանուշն ալ հասուն խնձոր եղած է: Վաղը ետեւէն կը հասնի Մարթան: Ի՞նչ կ՛ըսես:
— Ի՞նչ ըսեմ, ամէն մէկը իր բախտը կը գտնէ : Աճապարելու, իրար անցնելու պէտք չկայ:
— Հրանուշին բախտը դռներնիս եկեր է, ձեռքէ չփախցնե՛ննք:
— Լա՜ւ, քնացիր հիմա:
Ու կը քնանան՝ բախտին հարցերը լուծած:

ԱՄԱՌ
Ամառը պերճ իշխանի մը պէս նստեր է դաշտերուն վրայ ու տիրաբար, լիաբուռն կը բաժնէ, կը շռայլէ իր ոսկին:
Մարգար Ամմոյին խնձորենիները ծոցուոր կիներու պէս ծանրացած, կը տնքան ու վար կը կախեն խնձորներով բեռնաւոր իրենց ճիւղերը:
Հողը ծարաւ է: Ճաթռտած շրթունքներէն կը բաձրանայ հեւք մը:
Տիւանդորր է:
Մարգար Ամմօն երկնցեր է տանիքին վրայ, չարտախին տակ, ու կը սպասէ արեւամուտին, ջրելու համար պարտէզը: Բայց արեւը կարծես չուզեր մեկնիլ:
Յարութն ու Մարթան արեւի մեկնումին սպասելու բնաւ կարիքը չունին: Մարգար Ամմօն, վերէն, գոհունակութեամբ կը հետեւի անոնց աշխատանքին: Յարութը կռնակին հականեխիչի խոշոր շիշը շալկած, իր քիթն ու բերանը լաթով ծածկած, դեղ կը սրսկէ ծառերուն վրայ: Մինչ պարտէզին էն միւս ծայրը, Մարթան արիշներ կը զետեղէ ծանրաբեռնուած ճիւղերուն տակ: Իսկ Հրանուշ, հաւանաբար տան մէջ, որպէս արդէն նշանուած օրիորդ, կը զբաղի իր օժիտին պատրաստութեամբ:
Մարգար շատ գոհ է իր զաւակներէն. գոհ է որ կրցաւ անոնց սիրցնել աշխատանքը: Սրբութիւն է աշխատանքը. ան թոյլ չի տար որ մարդ ժանգ կապէ: Ըստ իր համոզումին, եթէ մեր ժողովուրդը դիմացաւ բռնագաղթի բոլոր տեսակի փորձանքներուն, ատիկա կը պարտինք առաւելաբար իր աշխատասիրութեան: Օրինակ, ի՛նք. ի՞նչ ունէր երբ որբ ու անտէր, ինկաւ սուրիական հողերը: Ոչի՛նչ: Ունէր միմայն աշխատելու աննկուն կամք: Ու ահաւասիկ արդի՛ւնքը. իր ընտանի՛քը, այս շէն տունն ու պարտէ՛զը: Իսկ պարտէզը կեանքին մեծագոյն երազն էր, իր սրտին պա՛րտքը, մանաւանդ՝ վրէ՛ժը: Ինչպէ՞ս բացատրէր այս մէկը: Ո՛չ կինը, ո՛չ զաւակները եւ ո՛չ ալ ուրիշները պիտի կարենային հասկնալ իր հոգեվիճակը: Ատոր գաղտնիքը, հո՛ս, կուրծքին տակ պահուած էր կէս դարէ իվեր, արիւնին ու բջիջներուն մէջն էր: Ուրիշ խօսք որ բացատրել, բացայայտել ալ պիտի չուզեր: ինչո՞ւ հին, արինոտ յուշերով պղտորէր զաւակներուն անհոգ, անամպ երջանկութիւնը: Իր ապրած անդոհանքն ու տառապանքները լի ու լի բաւարար էին ապագայ քանի մը սերունդներուն համար: Էականը, հիմա, այն էր որ իր զաւակներուն կը թողուր զօրաւոր կռուան մը, հո՛ղն ու պարտէ՛զը: Ի՜նչ փոյթ թէ օտար հող էր ատիկա, որ իր մէջ չէր պահեր նախահայրերու ոսկրափոշին: Բայց արդար հո՛ղ էր, կրնար որպէս ժամանակաւոր խարիսխ ծառայել, մինչեւ որ զաւակները ունենային բախտը հայրենի հողին հասնելու: Ինք, անձնապէս հասնելու ա՛լ յոյս չուներ: Կը զգար ոսկորներուն մէջ յոգնութեան հետզհետէ աճիլը: Կարեւորը սակայն զաւակներն էին: Անոնք անպայման պիտի ամբողջացնէին իր երազը: Առաջ, այս մասին չէր իսկ համարձակէր մտածելու: Սրտին մէջ տեւական վախ մը կար, ահաւոր կասկած մը, թէ մարեր էր ամէն յոյս: Բայց Հրանուշը նշանելէ ետք, երբ Սեդրակ շաբաթավերջերուն գալով, իրենց կը մնար ու կը զրուցէին անվերջ՝ յոյսը վերարծարծուեցաւ: Սեդրակ զարմանալիօրէն տեղեակ էր հայ կեանքի նոր փուլերուն: Ան նոր լուսարձակներ բացաւ իր առջեւ: Յայտնութիւնը նոր Հայաստանի մը անժխտելի գոյութիւնը եղաւ: Ինք տարիներով, Սուրիական անապատներուն մէջ թէ հոս, գործով, հացի պայքարով տարուած, հեռու մնացեր էր նոր իրադարձութիւններէն եւ շատ մը տարրական բաներէ լուր չունէր: Ամէն գալուն, Սեդրակ խանդավառ լուրեր կը բերէր Հայաստանէն: Կը խօսէր վերածնունդի մը մասին: Ու կը շեշտէր անոր սովետական ըլլալը: « Անգամ մը որ խնձորները քաղես ու ծախես,-կ՛ըսէր ան,- քեզ կը ղրկենք հայրենիք այցի, աչքերովդ կը տեսնես ամէն բան:»
Մարգար սկսած էր զաւկի մը պէս սիրել Սեդրակը: Ուրախ էր որ լաւ ձեռքերու պիտի յանձնէր իր Հրանուշը: Ու աղջկան չափ անհամբերութեամբ կը սպասէր Սեդրակի շաբաթավերջի գալստեան: Իսկ այս օրը շաբաթ էր : Ուր որ էր, պիտի յայտնուէր ան: Ընտանեօք պիտի հաւաքուէին հոս, չարտախին տակ ու գաւաթ մը օղիին շուրջ տաքցնէին պիտի հաճելի զրոյցը: Լաւ կ՛ըլլար որ ինք մինչ այդ, վերջացնէր ջրտուքը:
Ջրտուքը իր ամենասիրած պահն էր: Երբ մեծ աւազանէն ջուրը կը բանար ածուներուն մէջ եւ կը զգար հողին բուրմունքը, երբ ականջները կը յագենային վազող ջուրերուն խոխոչով, անհուն խաղաղութիւն մը կ՛իջնէր հոգիին վրայ: Անպայման կը յիշէր մանկութիւնը: Այն օրերուն ալ հոգի կու տար ջրտուքին համար: Մթնալուն, ինք եւ հայրը կ՛իջնէին պարտէզ: Հայրը կը քալէր առջեւէն, բահը ուսին: Լուսնի լոյսին տակ, կ՛երկարէր, կը մեծնար հօր ստուերը, հեքիաթային աժդահայի մը չափով: Այդ ստուերի հովանիին տակ ինք այնքա՜ն ապահով կը զգար ինքզինք: Երբ բահի մէկ հարուածով հայրը կը դարձնէր առուն դէպի պարտէզ, կարծես ծառերը կ՛արթննային խոր քունէ եւ կը շշնջային իրենց հրճուանքը իրարու: Ջուրը կ՛երգէր: Վերէն, մութ, խորունկ երկինքէն աստղերը կը շողային աւելի փայլուն ու մօտիկ ցոլացումներով : Ու ինք կախարդուած, կը բարձրացնէր ձեռքը, աստղ մը բռնելու համար: Թէեւ, բնաւ չէր կրցած աստղ մը բռնել, բայց միշտ կը հաւատար, թէ երբ մեծնար, պիտի անպայման կարենար բռնել ի՛ր աստղը:

ԱՇՈՒՆ
Սեպտեմբերի կիսուն արդէն աշուն է Պէքաայի դաշտերուն մէջ: Հնձուած ցորենները արտերուն մէջ ձգեր են իրենց յարդափոշին եւ բուրմունքը:Իսկ Շթորա գիւղին կաղամախիներէն ոսկի կը տեղայ:
Բայց Մարգար Ամմոյի պարտէզին մէջ աշնան ու դեղինի հետք չկայ տակաւին: Կանաչ են ծառերը ու կանաչներու արանքէն կը խտխտան, ծափ կը զարնեն հասուն խնձորներու կարմիրն ու ոսկին:
Բերքահաւաքի մեծ օրն է այսօր: Վաղ արեւածագին, տունով ոտքի են արդէն: Վարձուած երեք մշակներ պարապ սնտուկները շարեր են ծառերուն տակ: Ամէն ոք կը սպասէ Մարգար Ամմոյի հրամանին: Իսկ Մարգար չաճապարեր: Լուրջ է եւ սաստիկ յուզուած: Անդադար կը ծխէ:
Յանկարծ, վճռակամ ոտքի կ՛ելլէ ան ու լայն խաչ մը տարածելով կրծքին, , կը բանայ պարտէզին դուռը: Յաղթ քալուածքին մէջ, խորհրդաւոր պաշտամունքի գացող քուրմի մը շուքը կայ:
Իր ետեւէն կը քալեն Յարութը, Մարթան եւ Հրանուշը: Նոյնիսկ Տիկին Իւղաբերը կրցած է այսօր ձերբազատուիլ խոհանոցէն, ու ահա՛ թաց ձեռքերը գոգնոցով սրբելով, կը նստի պարտէզի դռան առջեւ դրուած նստարանին:
Ամէն ոք թոյլ կու տայ որ առաջինը Մարգար Ամմօն մօտենայ ծառերուն: Իսկ ան, մեծ զգուշութեամբ եւ երկիւղածութեամբ կ՛երկարէ ձեռքը եւ կը փրցնէ առաջին խնձորը: Ափերը լեցնող, մուգ-կարմիր խնձոր մըն է: Երբ ետին, տնեցիներուն կը դառնայ, աչքերը տամկացած են արդէն եւ բան չեն տեսներ: Կ՛անհետանան շրջապատն ու զաւակները: Հին յուշեր ու պատկերներ կը տանին զինք հեռուն եւ ժամանակը կը վազէ դէպի ետ, կ՛անցնի Պեքաայէն ու Ճեզիրէէն, կ՛անցնի Տէր Զօրէն ալ անդին ու կը հասնի Տաւրոսեան լեռներու լանջին փռուած այն գիւղը, ուր բերքահաւաք է ուշ աշունին: Հոն ալ խնձորի պարտէզ մը կայ, նոյնքան դալար ու մրգառատ: Հոն ալ թաւ պեխերով, յաղթ հասակով մարդ մը խնձոր կը քաղէ: Իր ոտքերուն քով, թզաչափ, ոտքի-փաթթոց մանչուկ մը կը խլրտի: Մինչ անդին, քիչ մը հեռուն, չարտախին տակ, Աստուածամօր կերպարանքով կին մը իր մանկիկը կը թիեցնէ: Ու մշակի մը ձայնը կը գլգլայ.
«Ալմաստ դանակով խնձոր կը քաղես
Կամար ունքերով սիրտս կը տաղես…»

Մարդը,, ականջը երգին՝ կ՛անշարժանայ պահ մը: Ձեռքին մէջ միշտ նոյն խնձորը կայ: Մուգ-կարմիր, ափերը լեցնող խնձոր մը՝ սկիհի պէս բարձր բռնուած: Մարդը կը համբուրէ խնձորը եւ ճակտին կը տանի: Ապա, խնձորը կու տայ ոտքի-փաթթոց, թզաչափ մանչուկին.
-Տղաս, Մարգա՛ր, աս խնձորը մօրդ տար թող պողջան դնէ:
Տղան կ՛առնէ խնձորը եւ կը վազէ դէպի մայրը:
Բայց խնձորը տեղ չի հասնիր :
Բնաւ տեղ չի՛ հասնիր:
Յանկարծ աշխարհը փուլ կու գայ: Կը պայթի հրացան մը, հրացաններ…
Մանչուկը վախէն քարացած, ակնթարթի իր անճրկումին մէջէն կը տեսնէ հօր յաղթ հասակին դիտապաստ անկումը՝ ճակատէն զարնուած, արիւնլուայ: Կը տեսնէ մշակներուն անշնչացած մարմինները:
Այն ատեն պարտէզ կը խուժեն խումբ մը զինուած մարդիկ, թրքերէն հայհոյելով ու գոռալով: Անոնք կը յարձակին կնոջ վրայ : Մէկը կը խլէ մանկիկը: Կինը կը ճչայ: Մանկիկը կը ճուայ: Մանկիկը կ՛անցընեն սուինին վրայ ու կը դարձնեն հոլի պէս: Մանկիկը ա՛լ չի ճուար: Բայց մայրը կ՛ոռնայ: Երկու թուրքեր կը քաշքշեն մայրը: Մանչուկը կը փորձէ օգնութեան փութալ մօրը: բայց մայրը կը ճչայ պաղատագին.
— Փախի՜ր, Մարգա՛ր, փախի՜՜ր…փախի՜ր…
— Պապօ՛, ի՞նչ ունիս, անհանգի՞ստ ես… նստիլ կ՛ուզե՞ս…
Մարգար Ամմօն կը վերադառնայ շատ հեռուներէն: Ձայնը կարծես կը հասնի ջրհորի մը խորերէն, արձագանգելով: Մշուշներու մէջ կը տեսնէ երերուն դիմագիծ մը իր դէմ:
— Պապօ՛, ի՞նչ ունիս…
Կը սթափի: դիմացը Յարութն է: Վախցած, դող ելած իր մանչը: Կը փորձէ ժպտիլ անոր:
— Ի՞նչ կայ ձագս:
— Կարծեցի որ անհանգիստ եղար:
— Չէ՛, տղաս, չէ՛, բան մը չունիմ: Միայն հին, շատ հին պարտք մըն է որ վճարեցի: Վրէժիս պա՛րտքը: Ա՛ռ, տղա՛ս, ա՛ռ սա խնձորը եւ մօրդ տա՛ր, թող պողջան դնէ:
Յարութ բան չհասկնար: Տարակուսած է, բայց կ՛առնէ խնձորը: Մուգ-կարմիր խնձոր մըն է զոր կը տանի մօրը:
Մարգար Ամմոն յաղթանակի ճառագայթող ժպիտ մը կ՛ունենայ, երբ խնձորը վերջապէ՜ս ապահով՝ տեղ կը հասնի:

Թողնել պատասխան

Ձեր էլեկտրոնային հասցեն չի հրապարակվի