Այնքա՜ն հեռու քեզմէ։
Ովկիանոսի ոռնոցէն վեր
շնչառութիւնդ կը թնդայ:
Գիշերս՝ կոպերուդ տակ փակ։
ծալլուած թեւերուդ տաքին մէջ
ցերեկս կը ծաղկի։
Հեղինակ. Մարուշ Գազանճյան-Երամյան
Նյմ 17 2011
Մարուշ Երամեան | ՀԱՅՔՈՒՆԵՐ
Օգս 22 2011
Սերմէտ Էօկրէթիմ | ԵՐԲ ԶԷՐՕՆ ՄԵՌԱՒ
Թարգմանեց Մարուշ Երամեան
Շա՜տ ժամանակ առաջ, թիւերով բնակուած հեռու հեռաւոր երկրի մը մէջ մաքուր արեւածագ մըն էր, երբ աշխարհը ականատես եղաւ նոր թիւի մը ծնունդին: Կէտի չափ փոքրիկ երեխայ մըն էր, որ լալէ զատ ուրիշ բանի կարող չէր: Զայն Զէրօ անուանեցին: Նորածինը որեւէ յատկութիւն չունէր այդ ժամանակ, բայց անոր ներկայութիւնը թիւերու իրականութեան մէջ կեանքի ուրախութիւն կը պատճառէր:
Մրտ 09 2011
Մարուշ Երամյան | Ի՞ՆՉ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԵՆՔ
Ի՞նչ կը կորսնցնենք, երբ բանաստեղծ մը կորսնցնենք…
Մտածած չենք. որովհետեւ մեզի կը թուի, թէ չենք կրնար բանաստեղծ մը կորսնցնել:
Ճիշդ է: Բանաստեղծը կ’ապրի մեր մէջ իր տողերով եւ իր արտաշնչանքով, որ կը ներշնչէ մեզ:
Բայց կը կորսնցնենք իր գալիք տողերը, իր սոսկական գոյութիւնը, որ տարօրինակ ապահովութիւն մը կու տար մեզի.
Փտր 28 2011
Մարուշ Երամեան | ԱՀԱ՛
-Ահա՛ երկիրը ցաւի
եղեր էր որ
յովատակներ ամպերուն դէմ վրնջեն
եւ հովերուն հետ մրցին
անձրեւներն հանդերձ դառնան
կամ արեւը վարագոյր
եղեր էր որ…
Փտր 20 2011
Փոլ Կալլիքօ | ԵՕԹԸ ՏԻԿՆԻԿՆԵՐՈՒ ՍԷՐԸ *
Անգլերենից թարգմանեց Մարուշ Երամեանը
Մօր կողմէ աւստրիացի եւ հօր կողմէ իտալացի այս ամերիկացի գրողը ծնած եւ ապրած է Նիւ Եորք, եւ աշխատած որպէս մարզական թղթակից։
Հեղինակը ինքզինք հէքեաթասաց, պատմութիւններ պատմող կը նկատէ։ Իր գրեթէ բոլոր գրութիւնները հէքեաթներու պարզ ոճը ունին, եւ բարդուող մանրամասնութիւններու նկարագրութիւններով կը ստեղծեն այնպիսի մթնոլորտ մը, որ հեղինակին ինքնուրունութիւն կը շնորհէ։
Հնվ 15 2011
Մարուշ Երամեան | ԳԱԳԱԹ
Միասին գագաթ հասեր էին:
Ճամբան դիւրին չէր եղած, նախ որ շատ էր քարքարոտ եւ ուղի չկար. Իրենք պիտի բանային նոր ուղիներ, գտնէին ոչ շատ մացառոտ վայրեր, վերցնէին փուշերը եւ քայլ նետէին:
Գիտէին որ դիւրին պիտի չըլլար. Գիտէին որ բանուկ ուղիներ չկան դէպի գագաթ տանող. Եւ պատրաստ էին. Պատրաստ էին յոգնելու, պատրաստ էին տատասկներ ու ժայռաբեկորներ տապալելու, այնքան ատեն որ միասին էին:
Հկտ 12 2010
Մարուշ Երամեան | ԿՈՏՐԱԾ ՀԱՅԵԼԻ
մեղեդին
որ մեզ կ՚ագուցէր
կորսնցուց իր խազերը
ու մնաց մերկ հովին պէս
որ կ՚ոռնայ քանիերորդ գիշերն ըլլալով
ու չի խաղաղիր
ցաւը կորուստիդ
Ապր 21 2010
Մարուշ Երամեան | VACUUM
1-Metamorphosis. F. Kafka.
2-Plot. Joyce Carol Oats.
3-Vacuum.
Օր մը չէր, որ արթնցաւ եւ ինքզինք այս պարապին մէջ գտաւ: Պարապը սկիզբէն կար, ոչ քաոսային, այլ ծրագրուած, դասաւորուած:
Ինչ որ գտաւ այդ օրը, անդրադարձն էր անոր, այդ պարապին, սկիզբը սովորական գոյական, բառ մը միւս բառերուն պէս, եւ շատ առօրեական.
-Կաթին շիշը պարապ է, ինչո՞ւ չըսիր որ նորը բերէի:
-Շաքարին տուփը պարապ է, ինչո՞ւ չլեցուցիր:
Մրտ 16 2010
Մարուշ Գազանճյան-Երամյան | ՇԱՆԹԻ ՀԵՐՈՍՈՒՀԻՆԵՐԸ (Ֆէմինիստական ընթերցում մը)
«Տարբերութիւնները անվախօրէն ապրիլ». ասիկա ֆէմինիստ քննադատութեան նուաճումներէն մէկն է, զոր բնականօրէն կը կիրարկեն Շանթի հերոսուհիները։
Ունեցա՞ծ ենք ֆէմինիստական շարժում, մասնաւորապէս մեր գրականութեան մէջ։
Գրականութեան պատմութիւնը մեզի կը բերէ, որպէս առաջին շշունջ, Սրբուհի Տիւսաբը, իր «Մայտա»ն եւ անոր շուրջ ծաւալած բանավէճը, որ գլխաւոր հակադարձող որպէս ունեցած է Գրիգոր Զօհրապն ու Յակոբ Պարոնեանը։
Մրտ 18 2009
Մարուշ Գազանճյան — Երամյան | ԴՈՒՐՍ
Դուրս ելայ տունէս
եւ ալ երբեք երբեք
չվերադարձայ
եւ մինակ էի
երկինքը գրկեց զիս
երկիրը օրօրեց
Վերջին մեկնաբանություններ