Գրելը միջոցս է դէմ յանդիման գալու տկարութիւններուս հետ, անկարողութիւններուս աչքերուն շիփշիտակ նայելու, ըսելու՝ ոչ ձեզմէ կ’ամչնամ, ոչ ալ ձեզմէ կը խուսափիմ։ Այսքան։ Չի նշանակեր որ կրնամ յաղթահարել։ Երանի։ Անոնք կան ու կան, ինծի մաս կը կազմեն եւ թերեւս այդ պատճառով ալ մարդ կը կոչուիմ։ Ամէնուն պէս ներքին պայքար մը կը տանիմ ես ալ, բայց իւրովի, իմ պարագայիս՝ գրելով, աւելի ճիշդը՝ թուղթին յանձնելով։ Շատ անձնական գործողութիւն մըն է։ Գրիչ վերցնելու համարձակութեան դիմած իւրաքանչիւր անձ իրեն վերաբերող մղում մը ունի։
Tag: Նորա Պարութճեան
Մյս 10 2018
Նորա Պարութճեան | ՀԱՍՆՈՒՄ
Ինքնաբուխ չէ։ Կը բխի։
Կը բխի իր ծնունդէն իսկ առաջ իր մէջ թափուող, բարձրացող, լրացող եւ իրմո՜վ անհամբերացող պայթումով։
Ինքնաբխում չէ, ո՜չ, որ պահու խանդավառութիւն նետես վրան ցեխի պէս, դատապարտելով անմաքրութեան մէջ, այս անգամ ալ անըմբռնելիութեան մեղադրանքով ճզմելու։
Ո՞ր պայթիւնը սխալն ու ճիշդը դէմ հանդիման կը հանէ։
Ճշմարտութիւնը ճնշումին մէջն է։
Հնս 09 2017
Նորա Պարութճեան | ԵՐԵՔ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ
Հաւանաբար
այս տերեւը կը հասկնայ,
որ հասած է իր ժամը
ու պէտք է մինակը
իյնայ,
տարրալուծուի հողին մէջ
Ապր 30 2017
Նորա Պարութճեան |ՉԽԵՆԹԱՑՈՂ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ՉԽԵՆԹԱՑՈՂ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Կոխելէն առաջ աչք մը ըրաւ ժպտերես,
սիրտս խայտաց
մտածելով
որ ինքն է զիս ճզմողը.
յետոյ
կօշիկին սուր ծայրովը
սիկարէթի պէս ծխուած
մխացող շունչս յանգեցուց
ցամաք, տափակ, պարպուած
բայց մանաւանդ՝ անիմաստ.
ե՞րբ յուսացի,
ե՞րբ ապրեցայ,
ե՞րբ երազին փարեցայ…
Մրտ 03 2014
Նորա Պարութճեան | ԳԱՒԱԹ ՄԸ ՍՈՒՐՃ ԵՒ ԾԽԱԽՈՏ
Գաւաթ մը սուրճը պատրուակն է,
նպատակը՝ ծխախոտը։
Շուրջս մարդէ երբ պարպուի,
պահ մը իյնամ անակնկալ հրճուանքի մէջ առանձնութեան,
ուրախութեան ըմբռնումս վիրաւոր
կը տատանի խառնաշփոթ լռութեան մէջ.
Հնվ 06 2014
Նորա Պարութճեան | ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՇՈՒՆԵՐԸ
Դուն կը քալես … երկինքը քեզ հովանի
Մէկէն ի մէկ,
շուներու սեղմ ոհմակ մը
ճանապարհդ կը կտրէ
ու կը սկսի վրադ հաչել ուժգնօրէն։
Նախ՝ կ’անտեսես,
ապա կամաց
վախ մը մէջդ կը ծնի՝
հապա՞ եթէ …
Նյմ 29 2012
Նորա Պարութճեան
Ծնած է Պէյրութ, 1959 -ին: Յաճախած է Շամլեան-Թաթիկեան, ապա Պէյրութի Հայ Աւետարանական Բարձրագոյն վարժարանները: 1984 թ. աւարտել է Երևանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժինը, որմէ ետք մուտք գործած է Զարթօնքի խմբագրական կազմին մէջ, ուր մնացած է մինչև 1986 թիւը: Հաստատւած է Փարիզ, ուրկէ շարունակած է աշխատակցիլ Զարթօնքին, ինչպէս նաև փարիզեան Յառաջին և Աշխարհին: Ներկայիս հայերէն ու …
Սպտ 03 2012
Նորա Պարութճեան | ԵՐԿՈՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ
ՏՈՒՓՍ՝ ՆԵՐՍԷՆ
Տուփիս տափակ պատերուն
ներսի կողմէն
երկու ծակեր բացուած են
որ ես դիտեմ աշխարհը։
Մյս 31 2012
Նորա Պարութճեան | ՀԵՏՍ ԵԿՈՒՐ ՔՐԻՍՏՈՍ
Հետս եկուր, Քրիստոս,
ես քեզ տանիմ հեթանոսին երկիրը.
մենք՝ քով քովի,
իրար հպող բազուկներով զօրացած,
ոտաբոպիկ անսանձ
Ապր 14 2012
Նորա Պարութճեան | ԶՈՀԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ
Իմ խօսքս ուղղուած պիտի ըլլայ անոնց, որոնք կը դաւանին արեւմտահայերէնը իբրեւ ազգային ժառանգութիւն, եւ կը կարծեն կամ համոզուած են որ ատոր կարեւորութեան գիտակցութիւնը ունին, հոս՝ Ֆրանսայի մէջ, եւ քիչ մըն ալ այլուր։
- 1
- 2
Վերջին մեկնաբանություններ